Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/264

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Զրնդունեց զիս։ Ուղղակի վռնտեւց դռնէն, ըսելով.– Դուն թիթեռնիկի չափ ալ խելք չունիս։ Թիթեռնիկր լոյսին կերթայ, իսկ ես խաւարն եմ։ Ինշո^ւ կու գաս մօտս:

էս դարս ելայ ընկճուած: Գունդ մը խմոր էի կարծէք կամ կատաղօրէն ծեծուածխլեակ մը։

կեանքէն որքան հարուած ստացած ըլլալու էր Ահարոն, որ կարենար այսքան յոռետես դառնար այլամերժ դառնալ, մարզ չրնդունիլ։ Ամբողջ Օրը այս մասին կր մտածէի։

Տակաւին կուրախանանք։ Ահարոնը եղեռնէն վերապրող մըն է։

Դիշերր որոշեցի յաջորդ օրը վերստին այցելել Ահարոնը։ Առի աղջնակս ու մանչուկս: Եկայ Սոն Սորանսի եւ Ահարոնի սենեակին դուռը զարնելս ու ներս մտնելս մէկ եղաւ։

Ահարոնը մա հ ճա կ ալին վրայ երկնցած էր։ Ծակուեցաւ քիչ մը եւ ըսաւ.– Ո^վ է...

Երէկուան ու այսօրուան Թորոսն եմ, ըսի, երէկ վռնտեցիր զիս, այսօր եկած եմ զաւակներովս։ Ու առանց սպասելու, որ բանաստեղծը խօսի, ըսի աղջնակիս. Անի, աղջիկս, այս լաւ հօրեղբայրը, որ մահճակալին վրայ երկնցած է, մեծբանաստեղծ մրն է, իրեն համար ոտանաւոր մը արտասանէ տեսնեմ։ Աղջիկս արտաանեց։ Նոյն առաջարկը ըսի մանչուկիս Արային, տղաս, քեղ տեսնեմ, դուն ալ արտասանէ. Արայիկն ալ արտասանեց։ Հայր եւ զաւակներ լուռ, կր սսլասէինք Ահարոնի խօսքին։

Խորհրդաւոր պահ մր տեւող լռութիւնը խզեց Ահարոնը, եւ ըսաւ.– կակուղցուցիր սա սիրտս, տղաս, մօտ եկուր տեսնեմ, ղաւակենրս, դուք ալ մօտեցէք տեսնեմ։

Ուրեմն դուք Հայաստա նէ-ն կու գաք։ Ուրեմն հոն զիս կր ճանչնա^ն։ Ուրեմն էդուարդ Թօփճեանր, Ատեփան Զօրեանը ինծի բարեաւ ունին, ուրեմն ես մեռած չեմ, ես ողջ եմ, իսկ ես կր կարծէի թէ մեռած եմ, խաւարն եմ, խաւարը։

Տակաւին լոյս մր կայ եղեր, լոյս մր կայ եղեր...

Մենք համբուրուեցանք։ Ահարոնը կու լար...

էղուարղ Թօփճեանր կր ծրագրէր Ահարոնը Հայաստան տանիլ։ Ուրբաթը Շաբաթէն կանուխ եկաւ։ Յաջորդ Փարիզ գալուս, երբ Բիւզանղ Թօփալեանին մօտ գացի, ըսաւՈ^ւր էիր երէկ, բացակայութիւնդ զգալի

Ո՜Ղր, հարցուցի Բիւ գանգին։ Ահարոնի թաղումին, եղաւ պատաս­խանը։ Ոիչ մարդ կար, անիծեալ աշխար հ։

Ւսկ ես կայարանէն հիմա, ուղիդ հոս եկայ, քիչ առաջ հասայ Փարիզ։

Վերջին ան գամ չկրցտյ տեսնել Ահարոնը, մինչդեռ եկած էի ըսելու, թէ Թօփճեանր կ՛ուղէ զինք Հայաստան հրաւիրել վերջնականապէս։