Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/266

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԼԵՒՈՆ ԹԻԻԹԻԻՆՃԵԱՆր ձեր ճանչցած հրապարակագիրր չէթ Զուիցերիայէն։

Նկարիչ Թիւթիւնճեանն է, որ քսանական թուականներուն որպէս գերիրապաշտ նկարչութեան ռա հվիրաներէն մէկր Փարիգի մէջ փոթորիկներ յարոյց:

Իր անունր անվարան կարելի է զետեղել Փիքասոյի եւ Լէժէի կողքին: Իր մասին քիչ խօսու ած է դժրախտարար։ Ոայց որ անպայման պիտի խօսուի ապագային, իր գործերր խօսիլ պիտի տան իր մասին, կասկած Հու նիմ։

Գեղեցիկ օր մր, առնուած ժամադրութեան մը հիման վրայ, Խաչա­տուր Ժերանեանին հետ մեծ ն կտրիչին տունը կերթամ։ կողջագուրուինք։ Հայութենէ հեռու ապրած է նախկին այս կեդրոնականցին ու Հայուկարօտը ունի։

Ֆրանսերէն խօսինք կըսէ, որ չխնդաք հայերէնիս վրայ։

Անկարելի է կըսեմ, անկարելի է, որ պոլսական ձեր վճիտ հայերէնը այնքան լաւ գործածելէ ետք մինչեւ երիտասարդութիւն, մոռցածըԱաք, ամօթ մեղի եթէ խնդանք ձեր հայերէնին վրայ ու ձեր հետ խօսինք ֆրան­սերէն։

Խորապէս կաղդուի կր ցնցուի եւ յիշողոլթիլնր զօրակոչի կենթարկէ։ Պահ մր ետք խօսիլ սկսածէ վճիտ հայերէնով։

Իր տունը, իր գործերր... Մէկ քանին, պատերէն մեզ կը դիտեն խորաղննին նախրան մեր հայեացքներուն բարձրանալը։

Աստուած իմ, գոյներու եւ գաղափարներու այդ ինչ հանդէս... Մենք խրախճանքի մր ներկայ կրլլանք ու այդ խրախճանքին թամատան էեւոն Թիւթիւնճեանն է, աշխարհի մեծ նկարիչներուն հետ սեղան նստած, հա­ւասարի իրաւունքով բաժակ բաժակի զարկած ու խմած հայ մեծ նկարիչը։

կր խօսինք իր անցեալէն, իր ներկայէն։ Ամերիկա-Ամերիկա ֆիլմին մասին եւ Իլիա քաղանին մասին կը խօսինք։

Հանդէսէն դուրս կու գանք գինով։

Պինիդ թունդ էր հայ նկարիչ, էեւոն Թիւթիւնճեան։

Դուն տակաւին պիտի գինովցնես Փարիզը, աշխարհը... Որքան լաւ պիտի րԱայ սակայն, որ գինովցնես Երեւանը, անպայման գինովցնես։