մեր աղբարիկին հետ։ Անիրաւ մահ։ Դաժան մաՀ։ Հայհոյե՞մ քեղի, մաՀ: Բայց դուն ոչ սպառնալիքէ կ*ազդուիս, ոչ հայհոյանքէ։ Մէկ ալ տեսար վրէժ լուծելու համար վրաս ալ կը յարձակիս ու զիս ալ կր տանիս քաշկրռտելով։ Ուզածդ րրէ, բայց երեսիդ կըսեմ, քեզ չեմ սիրեր: Դուն գողի կր նմանիս, աւազակի, շատ գէշ բաներու...
Լաւ կը յիշեմ։ Դարձեալ գարած էի Մոսկուա, աղբարիկիս՝ ժագ Ւհմալեանին մօտ։ Նոր վախճանած էր իր մտերիմը, բանտի ընկերը թուրք մեծբանաստեղծ Նազըմ Հիքմէթը։
Անսահման տխուր էր։ Ե*ուզէի իր տխրութիւնը փարատել։ Դիտէի թէ ինչպէս։ Առաջարկեցի այցելութիւն մը տալ թուրք բանաստեղծին շիրիմին։ ինչպէս տխրութիւնն էր թանձրացած, այնպէս ալ իր ուրախութիւնը եղաւ անսահման այս առաջարկիս դիմաց։
Դացինք երկուքով։ Երկու հայ, թուրք բանաստեղծին շիրիմին առջեւ խոնարհեցանք։ ժագ եհմալեան Նազըմի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը արտասանեց։ երկու բանաստեղծութիւն ալ ես արտասանեցի։
Աղբարիկս սփոփուած էր։
Նազըմ Հիքմէթի շիրիմին վրայ պարզ քար մր կարք ուր արձանագրուած էր իր անունը։ Այդքան։ Շուրջը ծաղիկներ։ Մշտադալար թուփեր։
Ժագր, արտասանեց նաեւ «եա շ ա մա ք Նէ Ըիւզէէ քերթուածը։ Այսինքն «Ապրիլը Որքան Լաւ է...»ն։
Յամրաքայլ դուրս ելանք գերեզմանատունէն։ ճամբան, աղբարիկիս կը պատմէի; որ երեւանէն, ես ու Դեղամ Աեւանը ցաւակցական նամակ մը ուղղեցինք Նազըմին թուրք կնոջը, ըսելով թէ կը բաժնէինք իր վիշտը ուր կքլսլելցնէինք% աշխարհ կորսնցուց մեծ բանաստեղծ մը ու մեր ժողովուրդն ալ՝ մեծ բարեկամ մը։
Ժագ Իհմալեանը համբուրեց զիս: Այսօր, երջանիկ օրերէս մէկն է, ըսաւ։
Այսսէէս էը Ժագը։ Ժագ, աղբարիկ, հայ-թուրք հ ա մա ձայնութիւններու սեղանին շուրջ նստողներէն մէկն ալ դուն պիտի ըըաս, անկասկած, երբ թուրքը ճանչնայ իր ցեղասպան բ/ցտ/բ։
Արագացնել, որ դուն ալ հրճուիս։
Արագացնելը
Հալէպ, 1985