Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բերւսյի շիտակին վրայ էի։ Երեք հոգի, կին մը ու երկու այր դանդաղ կը քալէին ու կր զրուցէին յուշիկ, շւստ կամաց։ Անձայն զեփիւռ ըլլային կարծէք։

Անցայ իրենց մօտէն։ Վերադարձայ։ Որսացի հայերէն բառեր, ու մօտենալով հարց տուի.– Ներողութիւն, յայտնի է, որ հայեր էք։ Կրնայի՞ք ինծի օգնել, որ գտնեմ բանաստեղծ Եղիշէ Այվազեանը։

Անոնցմէ մէկը, նիհար, քիչ մը կորաքամակ, կիսադէմը ինծի դարձրնելով ու խստութեան դիմակ մր առնելով դէմքին, պատասխաներ.

- Ժամանա՞կ էք գտել մեզ ծագրելու։

Արեւել ահւսյերէն այս նախադասութիւնը անկասկած ծնունդ առած ըԱալու էր Արարատեան դաշաէն։ Բայց Իսթանպուլի մէջ, Բերայի սա շիտակին վրայ ի՞նչ գործ ունէր։ Խոհերուս հոսքը դադրեցուցի եւ ինչո՞ւ ծաղրեմ հայ բարեկամներ, րսխ ես Հալէպէն կու գամ, գրող մրն եմ, ու շատ կր սիրեմ եղիշէ Այվագեան արձակագիրն ու բանաստեղծը։ Ջինք չեմ ճանչնար։ Տեսած եմ նկարով; Ու նկարն ալ գիտէն, մեր գրողները, առ հասարակ ծերանալէ վախնալով իրենց երիտասարդի նկարները կր հրապարակեն հայ մամուլի էջերէն։

Մարգը մեղմացաւ։ Բոլորն ալ խնդացին. իսկ երկրորդ այր մարգը, յարաբերաբար գէր, առաջ անցաւ ու շուտասելուկի արագութեամբ յայտնե9> որ իմ փնտռած եղիշէ Այվազեանս, նոյնինքն խօսող մարգն է։ Ներող կքըԱաք ըսաւ, մեր ընկերը կարծեց թէ կատակ կընէք։ Յետոյ, մենք քիչ առաջ տեսանք, որ դուք, հակառակ ուղղութեամբ կերթայիք, ապա դար­ձաք ու հաւասարեցաք մեզի ու... ձեր հարցումը... այս բոլորր կասկած արթնցուցին մեր մէջ։

Խնդացինք։ Ծանօթացանք իրարու։ Թիւ երկու այր մարգը Նաթանեան կը կոչուէր։ Վանեցի։ երկու այր մարդոց միջել գտնուող տիկինը, Արաքսի կր կոչուէր ու կողակիցն էր վանեցիին։ երեքն ալ մամուլի եւ դիրի մարգ։

Նաթանեանը մեղ իր տունը հրաւիրեց։ Հեռու չէր։ Շուտով թէյի սեղանին շուրջ ժմնեցաւ ուրախ խօսակցութիւն մր, որ չէր կրնար գրականէն տարրեր նիւթեր ընդգրկել։ Հաճելի էր խօսակցութիւնը, բայց ժամանակին թռչող թեւը կեցնել։ անհնար։ Պէտք էր մեկնէի; Հայաստանի մէջ դասախօսի մը հետ տարակարծութիւն ունեցող եղիշէ Այվազեանը շունչը առած էր Պոլիս, ուսանելէ ետք Փարիզի մէջ ու անաղարտ պահած իր արեւելա հայերէնը։