Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/31

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հալէպի մէջ կարդացած էի իսթանպոլլահայ արձակագիր Վարդան Կոմիկեանի պատմուածքներու աաո-ջին ժողովածուն «Բարի Եկար Սէր»ր ու գտած, որ յանձին այս արձակագիրին, սփիւռքահայ գրականութիւնը կը շահի, աւելի ճիշդը կունենայ շնորհալի գրող մը, որ ըսելիք ունի, որ իր ըսելիքները կու տայ նոր ու հաճելի ձեւով մր, որ ուղեւորն է անկոխ ուղիներու:

էս ած էի նաեւ, որ Աո միկեանր մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ էր։

Այդ օրը Իսթանպուլ կր գտնուէի։ Յակորին հետ, որ ազգականս էր, գարած էի Սկիւտար, քանի որ մեր ժողովուրդին մեծերը կը գտնուին այդ եւ ուրիշ գերեզմանատուներու մէջ; Բանի որ թուրքերը, մեր մեծերը ող2 չէին թողուր ած, սպաննած, խեղդած, ծովամոյն ըրած, քարամահ ըրած էին;

Սկիւտարի մէջ, այսինքն Սկիւտարի հայոց գերեզմանատունին մէջ, խօսած էի Պետրոս Դուրեանին հետ, Մատթէոս Զարիֆեանին հետ, Ռէթէոս Պէրպէրեանին եւ այնքան ուրիշներու հետ;

Յետոյ, ելած էինք Պաղլար Պաշի; Բարձունքին վրայ, կռթնած ան­ տառակի մը նոճիներուն, կանչած էինք մեր գրականութեան անհասկնալի մեծա թի/նր* Ւնտրան, որ մեղի տար չրաքեանական քարող մը, որ գար ու համեստօրէն լուար մեր խոնջ ոտքերն ու հոգիները...

Օրր ծանլյ էր ինծի համար; էս ճայ Պոլիսը կը փնտռէի, իսկ իմ ալ­ քերուս դէմ տար ածուողը նորօրեայ Իսթանպուլն էր, ուր ճայը իր ոսկեղնիկ լեգուն բարձը ձայնով խօսելէ զրկուած էր թրքական ազգայնա­մոլութեան պարտագիր հրահանգին ենթակայ;

Ահա այս ծանլւ օրուան վերջաւորութեան, կերթայի Բերայի Ա. Եր­րորդութիւն եկեգերին, ներկայ ԸԱալու համար Վարդան կոմիկեան գրողին պսակի արարողութեան;

Զմայլելի էին մեր շարականները; Ես քիլ ան գամ այդպէս ոգեդինարած եմ մեր կրօնական մեղեդիներուն ի լուր։ Ւսթանպուլի մեր եր դլախումբերը գիտեն ապրումով երգել ու ապրեցնել ունկնդիրները;

Արարողութիւնը վերջարաւ։ Ամէն մարգ սկսաւ շնորհաւորել նորապըսակ ամոլը։ Ես ալ մօտեցայ ղոյգին; Զիրար առաջին անգամ կը տես­նէինք; Ներկայացուցի ինքզինքս։ Ըսի, թէ իր մէկ ընթերցողն եմ; Սիրած եմ իր պատմուածքները ու ահա այսօր գոյգ շնորհաւորանքներս կր յայտնեմ Վարդան Վոմիկեանին; Մէկը իր գրականութեան, միւսը իր ամուսնութեան առիթով;