Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/321

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՀՈԱՆԴ ԱՒԱԳԵԱՆը այսօր ութսունհինգ տարեկան է: Ռումանահայ նկարիշ։ Հայ մր կրնայ շատ երկիրներ փոխ ել ու երկիրներու հետ անուններ։ Օրինակ մր տալու համար/ ե՝առզուն ծնաւ հալէպահայ, դարձաւ եգիպտահայ, այսօր ֆրանսահայ է։

Կ անդ Աւագեանն ալ ծնած է Հալէպի մէջ ել աւարտա ծ է մեր քաղաքին Ներսէսեան վարժարանը։ ՝Տսան տարեկանին, ծնողներուն հետ անցած է Պուքրէշ։

Երր Պուքրէշ գացի, լուր իսկ չունէի, թէ Աւագեան անունով մարդ մր կ*ապրէր աշխարհի վրայ։ Ինչպէս Աւագեանր չէր գիտեր, թէ Թորանեան անունով մէկր կայ Հալէպի մէջ։

էս ած է, որ իր ծննդավայրէն մէկր եկած է Պուքրէշ։ Անմիջապէս հեռախօսածէ Տիրայր Սրբազան Սարտիկեանին, որ անպայման զիս ՂՐ^էէ իր տունր։

Այդպէս ալ եղաւ։ Մարտիկեան Սրբազան իր կառքով զիս զրկեց Հրանդ Աւագեանին տունր։

Ողջագուրում։ Ծննդավայրի սէր։ Մինչեւ քսան տարեկանը Հալէպ մնացած է։ Յուշեր ունի։ Դպրոց, եկեղեցի, հայկական կեանք։

Ռումանիոյ մէջ հռչակուած նկարիչ է Աւագեան, բայց ահա այդ պահուն կր յիշէ Հալէպի իր ընկերները Տիրան Աճէմեանր, Վահէ Սէթեանր...

եր նայիմ իր գործերուն։ Ենծի կր նուիրէ ալպոմ մը իր գործերէն, ուր կան վերատպութիւններր քսանչորս տեսարաններու, րոլորն ալ գետեզերք մր կր ներկայացնեն աշնանային ու գարնանային ծառերով ու գրեթէ միշտ նաւակով մր:

եր նայիմ։ Միշտ թափուր է նաւակը: Արդեօք այդ թափուր նաւակը ինքը, Հրանդ Աւագեանր չէ**... նաւակը միշտ գետեզրին է, ե^րր պիտի ճամ բորդէ, ե^րբ պիտի լողայ ջուրերն ի վեր կամ ջուրերն ի վար...

եր խօսինք Ամենայն Հայոց եաթողիկոսին մասին։ Աւագեանր երկի ւ ղած ղիրթ մր կքառնէ։ Ես Վեհափառէն տարիքովշատ մեծեմ, կ9ըսէ, բայց պատրաստ եմ ոչ միայն Անոր ձեռքերր, այլ նաեւ ոտքերը համ­բուրելու:

Սեր աչքերուն առջեւ հասակ առաւ այդ բիւրեղեայ մարգը, կ*եզրակացնէիր խօսքը Աւագեան։ Տարբեր տարիներու երկու հանդիպում ունե­ցայ իր հետ եւ հասկցայ, որ Հրանդ Աւագեան մշակութային հին արժէքներ հաւ աքող մր եղած է ու իր ամբողջ Ժողովածուն նուիրած ռումանական պետութեան: Պետութիւնն ալ յարգանք ունի իրեն հանդէպ։ Այս տարի իր ութսանհինզմեակին առիթով ռումէն կառավարութիւնը պիտի կաղ–