Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/328

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Քիչ ետք, առիթ կը տրորի ինծի, որ խօսիմ։ Կանճրկիմ։ Անգլերէն պէտք է խօսիմ։ խոլորն ալ կր հասկնան։ ՅեւԱյյղ ես, կեանքիս մէջ առածին անգամ ելոյթ պիտի ունենամ անգլերէն լեգուով:

Քաջութիւն մը կու գայ ինծի, չեմ գիտեր Գաւիթ Անյաղթէին, որ Աթէնքի մէջ կը վիճէր, ու կը խօսիմ Հայաստանի ժամանակակից գրա­կանութեան մասին։

Խօսքս կը դիմաւորուի հուռռաներով։

Նման հանդիպումի ներկայ եգած չէի կեանքիս մէջ։ Հանդիպումի վերջաւորութեան հանգանակութիւն մը տեղի ունեցաւ ի նպաստ կիպրական մշակութային այդ միութեան։ Սասնակցողներու թիւր մեծ էր, բայց գումարները փոքր։

էս ալ մասնակցեցայ հինգ սթերփնով, ըսելով թէ սա ուսանողի մասնակցութիւն է։ Երականո ւթեան մէջ տուածս գրպանի ծախսիս գրեթէ ամբողջութիւնն էր։

Նոր հուռռաներ բարձրացան հայաթեւան ա Հայաստանին համար։ կարծէք օրուան նիւթր հայութիւնը բըար։

Յաջորդ օրը, նոր բարեկամի մը Թորիկեանի հետ դարձեալ բարձրա­ցայ կիպրական սարերը։ Այստեգ, Լակուտերա վանքին մէջ հանդիպեցայ Տէյ4Ի տ Ուինֆիլտ եւ Ժիււոիթ Ստիլիանա անուններով երկու բիւզանդագէտներու, որոնք եկած էին ար տան կտրելու եւ ուսումնասիրելու յիշեալ վանքին ո ր մնան կարն երբ, որոնք 12–14րդ դարերու գործ էին։

Երկուքն ալ լաւ կը ճանչնային Սիրարփի Տէր Ներսէսեանը։

կիպրական հանդիպումներս ինծի համար կր մնան անմոռանալի:

Փարիղաբնակ ՅԱՈՈՒԹԻԻՆ եւ ՍԵՄԷ ՇՒՈԻՆԵԱՆներուն չատ կապւած էի։ Տէր եւ Տիկ, դերձակներ էին, րայց կտաւէն չատ աւելի մօտ էին հայ մշակոյթին, հայոց հայրենիքին։ Գրամր այս ամուսիններուն համար միջոց մրն էր ե լ ոչ թէ նպատակ։

Փառասիրութիւնը ա նէի բանաստեղծ ու վիպագիր Լուի Արա կոնին հետ տեսնուելու, բայց ինչո՞ւ փառասիրութիւ ն, չէ^ որ Արակոնը կր սիրէր ու բարձը կարծիք յայտնած էր Ւսահակեանի մասին, Զարենցի մասին, Շիրազի մասին, Քուչակի մասին։

Մէկը որ այգքան կը սիրէր մշակոյթը, կրնա Հր հայ թեր թի մը համար տեսակցութիւն մր խնդրողիս շնորհել քառորդ ժամ:

Յարութիւն Շիրինեանր ըսաւ.– Սիմէ ն, այս ուղգութեամբ կրնայ օգ­տակար ըԱալքեզի: Սօտէն կր ճանչնայ Արակոնի քարտուղարուհին: