սութեան, ստիպեց մեզ ժամադրութեան մը շուրջ համաձայնիլ, որպէսզի միասին ճաշենք:
Ւնք պիտի պատրաստէր մեր ճաշը իր ննջարան, հիւրանոց, ճաշարան, գրադարան սենեակին մէջ:
Երբ համաձայնեցանք, ուզեց իմանալ թէ մեր ամէնէն աւելի սիրած ճաշը ի՞նչ էր։
Ոսպեղինձ եղաւ մեր պատասխանը:
Ւ՞նչ է ոսպեղինձը:
Բացատրեցինք:
Խոստացուած օրը հոն էինք պանդոկի իր սենեակին մէջ: Զէթով ու սոխով լաւ եղինձ մր պատրաստած էր հայ բանաստեղծը։
Ախորժակով կերանք ու խօսեցանք հայ գրականութեան մասին:
Տարի մը ետք երբ դարձեալ Թօփալեանի տպարան, արուեստանոց, խմբագրատան մէջ էի ու կը հարցնէի Գրիգոր ճիղմէճեանին մասին, բոլորիս Բիւղանդը պատասխաներ.–Ըսել է լուր չունիս: Ամիսներ առաջ գնաց իր ապրած պանդոկին այն սենեակին մէջ, ուր շնչեց, գրեց, քնացաւ քառասուն տարի: Բառասուն տարի ապրեցաւ պանդոկի մը մէկ սենեակին մէջ։
Երբ նոր վաըձած կ՛րցայ այդ սենեակը, կիսէ, շուտով կամուսնանամ, կեըեմ տուն մը կը վարձեմ, մարդավայել կեանքով կապրիմ; Այս սենեակը Ժամանակաւոր է:
Այս պարագաներուն համար ըսած է ֆրանսական առածը.– Աւելի տեւական քան ժամանակաւորը, չկայ:
Ու գիտէիք ինչպէս մահացածէ բանաստեղծը։ Գիըքը ձեռքին: Երեք օր մնացած է գիրքը ձեռքին, անկողինին վրայ երկնցած:
Երեք օր ետք, պանդոկապետը, որ սովորութիւն ունեցած է Գրիգորին հետ նարտ խաղալու, կը զարմանայ, որ իր բարեկամը վերջին օրերուն երեւ ցածչունի։ եը զարնէ դուռը, կը մնայ անպատասխան: Տարօրինակ հոտ մը կ՚առնէ: եր կասկածի։ Ոստիկանութիւնր կու գայ, կը բանայ դուռը, ու ահա պատկերը - հայ բանաստեղծը գիր<թը ձեռքին, երկարած անկողինին վրայ:
Դի աղ ննութիւն
Բժիշկները կը հաստատեն ճիղմէճեանին երեք օր առաջ մեռած ըլլալը:
Ողջութեանը գիրք մը չհրատարակեց: Ո^վ պիտի ի մի բերէ Գրիգոր ճիղմէճեանին արձակ ու չափածոյ գոըծեըը ու կորուստէ փրկէ հայ բանաստեղծ մը։
եոստանդեանին գոըծեըը հրատարակիչ մը գտան:
եը մնայ հրատարակել ճիղմէճեանին գոըծեըը:
Հալէպ