Մեր արժէքները պաշտպանելու չափ ուժ չունի՞նք։
1968 թուականին էր; Փարիզին կու տայի իմ Հերթական այցելութիւններէս մէկը։ Հոս ու հոն, ինծի ծանօթ մտաւորականներու կը դիմէի տեսակցութիւն մը ունենալու համար Արթիւր Ադամովին հետ: Կը հաս տատէի, թէ մեր գրողները, հայերէն լեզուով ստեղծագոր ծողները, կապ մը չունին Ադամովին հետ: Կը զարմանայի այս երեւոյթին վրայ:
Շատ երկիրներու մէջ մենք ունինք արուեստի գագաթներ, դիրքի ու անունի տիրացած հայեր։ Ինչո՞ւ չշրջապատենք զիրենք։ Ինչո՞ւ անոնք հեռու մնան հայութենէն։
Մայքըլ Արլէն մը ինչո՞ւ հեոու մնար։ Իսկ Մայքըլ Արլէն կրտսերը ինչպէ՞ս եկաւ հայութեան եւ իրագործեց իր «Դէպի Արարատ»ը։
Աարոյեան մը ինչպէ՞ս հայութիւն կը բուրէ։
Գառղուն ինչպէ՞ս ակադեմիկոս ընտրուելու պահուն Ֆրանսայ րնտրանի հասարակութեան առջեւ յայտարարեցՍա պահուն, երբ կը դառնամ ֆրանսական ակադեմիայի անդամ, չեմ մոռնար, որ կր պատկան իմ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդին * Հայութեան։
Շարքը կարելի է երկարել։
Ոայց եկէք խօսինք չկայացած այն տեսակցութեան մասին, զոր ես ունեցայ Արթիւր Ադամովին հետ։
Ինչպէս Հանրի Թրուայայի (Լեւոն Թորոսեան), նոյնպէս Արթիւր Ադամովի (Յարութիւն որդի Աուրէնի Ադամեան)հետ իմ տեսակցութիւններս կազմակերպողը Հանրի Վերնէօյն էր (Աշոտ Մալաքեան)։
Ժամա գրուեցանք։ Մեր տեսակցութիւնը պիտի կայանար Ադամեանի տունին մէջ։
Որոշեալ ժամուն կը մեկնինք։ Ու ի՞նչ։ Արթիւր Ադամով իր տան շատ մօտիկր թեւերը ան դա դար շարժելէն փողոցն ի վեր կը գոռգոռայ... Ապրիլը որքան լաւ է, Ապրիլը որքան լաւ է. Ապրիլը
Արթիւր Ադամով գինով էր։ Զարհուրելիօրէն գինով։
Մօտեցանք իրեն, Աշոտը բռնելով զինք յարեց. - Ոայց սիրելիս, չէ՞ որ մենք ժամադրութիւն ունէինք քեղի հետ Հայաստանէն եկած այս Թորոսին համար։ Մոռցա՞ր, սիրելիս, մոռցա՞ր։
Հանրի՞, դո՞ւն ես, ըսաւ Ադամով։ Լաւ, լաւ, Ապրիլը շատ լաւ է, Հայաստանր շատ լաւ է, այսօր ես շատ լաւ եմ, գտցէք, գտցէք ուրիշ օր մը կը տեսնուինք...
Այսօր, Ադամովին հետ չենք կրնար խօսիլ ըսաւ Մալաքեան, տեսար իր վիճակը...
Յեղափոխական մարդ։ «Եօթանասուն Մէկի Գարունը» րիէսով ֆրանսական կոմունայի օրերը տուող մարդ։ Ու գինով մարդ Ադամովը։