Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/45

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ալ չտեսայ ղինք։ 1970ի Մարտ ամսուն մեկնեցաւ Ադամով այս աշ­խար հ էն, այս աշխար հով գինո վ։ Այս աշխարհէն, գոր վերափոխուած կնւզէր տեսնել եւ որուն վերափոխումին ի խնդիր ամբողջ քառասուն տարի ստեղծագործեց ու գրեց տասնեակ թատրերգութիւններ։

Հալէպ

Կր գտնուէի Պուլկարիա։ Առիթին մասին մի հարցնէք։ էսեցի թէ Մարեշալ Բագրամեանր Փլովտիւ կը գտնուի: Հարիլր յիսուն քիլոմեթր հեռու կր գտնուէի այդ քադաքէն: Մէջս փափաք մր ծնաւ: Անպայման տեսնել հայ մարեշալր։

քսաներորդ դարու հայր մարեշալներ ունի։ Մինչդեռ, իրեն հետ ճամբայ եըող ժո ղովուրդներէն շատեր չկան։

Ֆիլիպէ-Փլովտիւ։ Սա Պուլկարիոյ այնքաղաքներէն է, որ կանուխէն դարձած է հայաշատ։ Այս քաղաքին մէջ ծնած ու հասակ առած են կամ ապաստանած շատ հայ յեղափոխականներ։ Այս տեղ, թերթ հրատարա­կած է Ռ ուբէն Զարդարեանը։

Բառորդ դար առաջ, 1960թուականի վերջերուն, կնոջս հետ կ*ուղգւէինք դէպի Փլովտիւ, մարեշալր տեսնելու։ Շոգեկառքին մէջ կր կա­տակն մ։ Մենք, այր ու կին, մեր երկրորդ զաւակր կը սպասենք, որ կերեւի ալ անհամբեր է իր հայրն ու մայրը տեսնելու, աշխարհը տեսնելու։ Մինչ­ դեռ ծնելիք երեխային հայրն ու մայրը հայ մարեշալ մր տեսնելու համար հարիւր յիսուն քիլոմեթր ճամբայ կր կտրեն անծանօթ երկրի մը մէջ։

եր հասնինք քաղաք։ Մեզ դիմաւորոգներ չկան։ երկրին լեգուն գրեթէ չենք գիտեր։ Գիտենք ըսել «Արմենցի», այսինքն հայեր։

Մեզ ցոյց տուին հայոց դպրոցր։ Գտանք կծիկին ծայրը։

Հայերը մէկտեղուած էին ակումբի մը մէջ ու Բագրամեանր ելոյթ կունենար։ ճաղատ գլուխով հսկայ մարգ մը բեմը լեցուցած էր։

Այդ վայրկեանին, մարեշալր գրոհի կոչ չէր արձակեր իր բանակին։ Ցուցուած կը խօսէր։ Ահա պզտիկցան մարեշալին աչքերր, ահա տարածեց Իր զոյգ թեւերը անհունութեան իմաստով ու յայտարարեց. - Սիրելի, շատ սիրելի հայրենակիցներ, կ*ուզէի այնպիսի գիրկ մր ունենալ, որ կարենայի գրկել ու համբուրել րոլորդ...

Արցունք կար իր աչքերուն մէջ։ Ժողովուրդին շարքերէն հեկեկոցներ լսուեց ան։

Հաւաքոյթր վերջ գտաւ, բայց ըսուեցաւ նաեւ, թէ նոյն օրը Փլովտիւ քաղաքի Թրիմոնցիոմ պանդոկին մէջ ճաշկերոյթ պիտի տրուի ի պատիւ մարեշալին։