Թորոս Թորանեան
Ջաւախեցիներ-Նովէլներ, Պատմուածքներ, Վիպակներ.
Այս արձակ էջերուն մէջ ալ նորովի շունչ մը կայ, որ ի վեր կը հանէ Ջաւախքի տիրող ոգին, ժողովուրդին հողին կապուած ըլլալը, հայրենասիրութիւնը, կենսասիրութիւնը, աշխատասիրութիւնը։
Դարաւոր աւանդապաշտութիւն մը ջրդեղած է ջաւախեցիներու հոգին, մաքրաջրած՝ հոն հոսող գետերու զուլալ ջուրէն։
Դարերէ ի վեր, իր սուրբ հողին վրայ, զուլալ գետ մըն է ապրիլ շարունակող ջաւախեցին։
Այս կը հաստատեն յաջորդական պատմուածքները՝ գիրի վերածուած հիւմորով. «Խաս բախչան» իրապէս խաս պատմութիւն մըն է ուր երաժշտութիւնը, ժողովուրդին իսկ ստեղծած պատմութիւնը երաժշտութեան տուած է Ջաւախքեան գետերու, անտառներու, սիւքերու ոսկելար վինը՝ հոգեպարար։ «Ազապ Վաղօն» պատմուածքին մէջ. «Աչքս կնիկարմատէն վախեցաւ։ Գրագիտութիւնս էլ պակաս էր, նորէն կպայ իմ գործին։ Քար տաշեցի, տուն կը շինէի։ Բայց իմ տունս կիսատ մնաց, տխուր ու անձէն։ Մահէն շատ կը վախնամ, շա՜տ, որովհետեւ չոր գլուխ եմ, անպտուղ եմ, թաք բարձով եմ... Յաւիտեան, յաւիտենից ազապ...»։
«Կնուտ Խաչօն», որ կը պաշտէ հնամենի ֆայտոնը, գիւղին աղջիկները ֆայտոնով կ'երթան եկեղեցի հարսանեկան սպիտակ հագուստով, իսկ մաշինէն (ինքնաշարժը) ի՞նչ է ֆայտոնին քով։
Գիւղացին աւանդականին կապուած է։
«Փչան Եղիշը» այնքան պատմութիւններ կը պատմէ Զօրավար Անդրանիկին մասին, այնքա՜ն անիրական, որ Փչան անունին կ'արժանանայ։
«Սեւ Արտօն եւ Խեւ Անդօն»։ Հի՜ն, հի՜ն ընկերներու պատմութիւն, երբ երկուքով խոստովանանքի կը դիմեն տէրտէրի մը քով ու կը պատմեն իրենց գործած մեղքերուն մասին։
Տէրտէրը կը յայտնէ թէ իրենց մեղքերը անքաւելի են...
Եւ որպէսզի Աստուած ներէ իրենց, Սեւ Արտօն եւ Խեւ Անդօն ինքզինքնին կը կապեն իրարու եւ կրակ կու տան իրենց մարմիններուն ու կը սկսին այրիլ.
«— Հասէք, թէ չէ ձեռքից գնացին...
— Ո՞վ, ի՞նչ, ինչո՞ւ...