Եւ վերջապէս «Քրդուհին», հայերէն իմացող գեղեցկուհի մը։ Խիզախ ձիաւոր մըն է այս քրդուհին, որ կու գայ հայ գիւղացիի մը ջրաղացը, սիրտին՝ ցաւ։ Ո՞վ ցաւ չունի որ այս ցաւի աշխարհին մէջ։
Մկրտիչ Սարգսեան հմտալից գրողը ունի վարպետի գրիչ՝ հին աշխարհը նորին կապող։
«Պապս» պատմուածքը, լաօ՜ Մկրտիչ Սարգսեան, ինչպէ՞ս գրեցիր։ Պապդ բարտիի հոգիով կաղնիի ծառ էր, ամբողջ ոգի, Ջաւախքէն ծնած կենսասէր ոգի։ Ան ինչպէ՞ս իր շուրջ հաւաքեց իր գերդաստանը, իմացաւ իր մահուան օրը, օրհնանք բաժնեց բոլորին ու... իր ըսած օր ու ժամին... մահացաւ։
Մանուշակներու փունջը իր գերեզմանին վրայ շաղ տուողը դուն էիր անպայման...
«Ցլամարտ». Այսպէս որ երթայ՝ գրողէն շատ բան պիտի սորվինք գիւղական կեանքէն, ցեղային ցուլերու կարեւորութենէն, անասունի նախանձոտութենէն, որուն զոհը դարձաւ այս պատմութեան ցուլը։ Ի միջի այլոց՝ նաեւ հոգեբանական դաս մը այն մասին, որ պատանի մը եթէ մանուկներուն նուէր պիտի տանի անուշեղէն մը, ճամփու ընթացքին փորձութեան կը մատնուի ու նուէր անուշեղէնը ինք կը ճաշակէ։
Ցեղային ցուլի մահուան կապակցութեամբ՝ բանտարկուիլ։ Եւ ո՞վ պատճառ եղաւ ցեղային ցուլի սատկելուն։
«Շանտաժիստը». Ահեղ պատերազմը (Հայրենական) սամումի նման կ՝արշաւէ խորհրդային երկրին վրայ։ Զօրաշարժ է։ Երկիրը պատրաստ չէ։ Ֆաշիստական գրոհը՝ անկասելի։ Ջաւախքէն 10000–էն աւելի երիտասարդներ մեկնած են ճակատ։ Աշխատանքի անցած են թիկունքի կիները։ Հացի տագնապ։ Կենսաթոշակի արձանագրութիւն։
Գեղջկուհի մը կը ներկայանայ թոշակի հարցով.
«— Բարեւ ձեզ...
— Բարեւ ձեզ, կենսաթոշակ չե՞ս ստանամ։
— Ստանամ եմ, քիչ է, երեք մանչ ունեմ, Բուդեոննուս փորը չուտելու պատճառաւ թուլացել, դողինքը սաղ մուռտառել է, սապոն չունիմ լուամ, երեխաս քաքի մէջ խեղդուի կը... Սթալինս անօթի սատկի կը, Վորոշիլովս քամակը բաց է, չիդեմ ի՞նչ ընեմ վեր ջուրն ընկնեմ...»