Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

Այս յայտարարութիւնները սարսափ կ'ազդեն Չուգուն Սեփոյի վրայ, որ բանսարկու մարդ մըն էր եւ կենսաթոշակ արձանագրողնրուն գլխաւորը։

Անմիջապէս կը թելադրէ աւելցնել գեղջկուհիին կենսաթոշակը։ Կ'աւելցնեն յանուն յիշեալ անուններուն, որոնք սրբութիւն էին.

— Սթալինը սատկի կը անօթի...,- Ի՜նչ փորձանք։

Գեղջկուհին երեք անգամ կ'օգտուի կենսաթոշակի յաւելումէն։ Երբ վերջին անգամ ալկը ներկայանայ, Չուգուն Սեփօն կատղած թնդաց․

«— Բաւակա՛ն է, թքել եմ քո Բուդեոննու, քո Վորոշիլովի, քո Սթալինի, արար աշխարհի վրայ, իմացա՞ր։ Դէ ջհանդամուի այս տեղից, սատանի թրիք, թէ չէ մերդ...»

Այս բոլորէն վերջ Սեփօն ցաւ մը ունեցաւ անբուժելի...

«Որոշել եմ սպանել պատերազմը»․

«— Իմ կեանքը, ախր, նա շա՜տ կիսատ է, շա՜տ... Ուսումը, սէրը, երգը, արեւը, ամէն ինչ... դրա համար էլ ես թշնամի եմ պատերազմին»։

Ինչե՜ր չէ ըրած պատերազմը, Կաղանդ պապիկը սպանած է պատերազմը, դպրոցականներու հայրերը սպանած է պատերազմը, ճակատէն ծալուած սեւ թուղթ կը բերէ պատերազմը։ Ծլարձակ սերունդը հոգեկան տուայտանքի կ՛առաջնորդէ պատերազմը։

Տատիկ մը հարց կու տայ պապիկի մը.

— Ե՞րբ պիտի վերջ գտնէ պատերազմը։

— Անբան Աստծուդ կամ Սթալինին հարցուր,– կ'ըսէ պապիկը։

Պատերազմը՝ համաշխարհային չարիք։ Այնքա՜ն լաւ վերլուծած է հեղինակը այս բոլորը։

«Գարուն էր, ձիւն էր արել...». Թոռնիկը ողջ-առողջ վերադարձած է պատերազմէն՝ շքանշաններով։ Շնորհաւորելու համար տատիկ-մամիկը, գիւղը կը հոսի այս տունը։ Մէկը երկու հաւկիթ բերած է, մէկը՝ լաւաշ, մէկը՝ շիշ մը օղի։ Գիւղը աղքատ է, բայց կը սկսին քէֆը, երգը, պարը։ Դժուարութիւնները, սպասումները, լացը մոռցուած են։

էսօր սարում ձիւն եկաւ,
Մեր ղարիբը տուն եկաւ,
Թեւը ջարդուած, վիրաւոր,
Անբուն հաւքը բուն եկաւ։