Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

4. Գրողի, տաղանդաւոր բանաստեղծի խօսք է գրած Աբրահամ Ալիքեանը, զոր ափսո՜ս, Լիբանանի մէջ հողին յանձնեցինք տասը հոգիով։ Իր վերջին օրերուն Պուրճ Համմուտ Ազգային ծերանոցի բնակիչ էր, ինձմէ ատրճանակ մը կը խնդրէր, որ վերջ տար իր կեանքին...

Ալիքեանը հոս գրած է.

«Պարզապէս շատ պատահմամբ «ճակատագրով դատապարտուածներդ» ընկաւ ձեռքս, կարդացի, նոր աւարտեցի եւ ահա ուզում եմ քեզ գրել իմ գոհունակութեան եւ ստացած մեծ հաճոյքի մասին»։

5. Արձակագիր Աղաւնին գրած է. «Սիրելի՜ Մուկուչ, ամբողջ սրտով շնորհաւորում եմ քո վաթսունամեակը, որ միշտ շիտակ մնաս, սրտառուչ, մարդկային եւ ուրախացնես մեզ։ Ստեղծագործական նոր յաջողութիւններ։ Համբուրում եմ»։

6. Վախտանգ Անանեանը կը գրէ. «Սրտումս մի մեծ բողոք կար ուղղուած 37-ի դէպքերի դէմ եւ մեր հերոս գերիների նկատմամբ հակամարդկային վարմունք ցոյց տալու դէմ։ Սիրտս արիւնոտած էր, սիրտս լիքն էր, բայց դատարկուել չէի կարող, գրիչս անզօր էր։ Դու արել ես այդ բանը եւ այն էլ ի՜նչ ոյժով, ի՜նչ ցասումով... Հիմի սիրտս հանգիստ է»։

է՜հ, որպիսի՜ վարագոյրներ կը բանայ այս նամականին։

7. Գէորգ Արշակեան գրողը եւս ներկայութիւն է այստեղ։

8. Ենովք Արմէնին ներե՞լ Միսաք Մեծարենցի մասին իր գրածներուն համար։

9. Մկրտիչ Արմէնը կը խնդրէ, որ իր 60–ամեակին առիթով գէթ գիրք մը հրատարակուի իր գործերէն, գէթ «ժիրայր Գլենց» վէպը լրացուցիչ կերպով մտցնել 1965 թուի պլանի մէջ։

Աւելին ալ կայ։ Մկրտիչ Արմէնը գրած է. «Սիրելի՜ ատաշ, լսեցի, որ իմ վէպի շարուածքը ցրել են տպարանում եւ նորից են շարելու։

Ահա քեզ մի նոր գլխացաւանք։ Ահա քեզ այն էշի կերած քաքի արդիւնքներից մէկը»։

Մեծութիւններու հետ այսպէ՞ս վարուիլ։ Անհանդուրժելի է։