Ըստ Էութեան ատաշ մնաս՝ ստորագրած Է Մկրտիչ ԱրմԷնը՝ «ՀԵղնար Աղբիւր»ի հեղինակը։
10․ Հետաքրքրական նամակ Նիւ Եորքէն՝ Մաթէոս Արամ Գալէնտէրէն՝ յիշատակութիւն ամէնուս շատ սիրելի Վարդապետին Չանղըրը արտաքսուած շրջանի մասին։ «Ապրիլ 28, 1915-ին երբ Պոլսէն աքսորուեցան 220 հայ մտաւորականներ, ընդ որս եւ Կոմիտաս վարդապետը, ես ալ նոյն խումբին մէջն էի եւ ողջ ազատուողներէն միայն 20 հոգիներու մէկը։
Իմ յիշատակներս եւ տպաւորութիւններս երեւցած են թէ՛ հայերէն, թէ՛ անգլերէն բազմաթիւ հրատարակութեանց, թէ օրաթերթերու մէջ»։ Վարագոյրը թող բաց մնայ, տակաւին շատ նորութիւններու պիտի հանդիպինք։
11. Արմէն Դարեանը կը գրէ.
«Սիրելի՜ գրչեղբայր, այսօր միայն բոլորովին պատահաբար իմացայ թէ հիւանդ ես։ Ընդունէ՛ շուտափոյթ ապաքինման եւ քաջառողջութեան սրտագին մաղթանքներս։
Յ. Գ. Դժբախտաբար, երկու օրէն կը մեկնիմ, հաստատապէս քեզի այցելելու կարելիութենէն զրկուած եմ, ներո՛ղ եղիր»։
Հոս հաստատելու ենք, որ Մկրտիչ Սարգսեան բանաստեղծ-գրագէտը ունէր լայն կապեր Սփիւռքի հայ գրողներուն հետ։ Կը ճանչնար Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի խմբագիր Աւետիս Եափուճեանը, որ այժմ Սիտնի կը բնակի։
Անոնցմէ էր նաեւ թեհերանաբնակ բանաստեղծ Դեւը, որ այս գիրքին 114-րդ էջին վրայ՝ խմբանկարի մը մէջ կ'երեւի։ Բայց հեզահամբոյր նկարիչ ու բանաստեղծ հայը ինչպէ՞ս ընդունած է Դեւ անունը՝ չհասկցանք։
12. Ծերուն Թորգոմեանը իր տարիքը առած է։ Կը յուսայ, որ չի մոռցուիր ինք։
13. Ստեփան Զօրեան պատմավիպագիրը իրաւացիօրէն նեղուած է, երբ իր «Պապ թագաւոր» վէպին ռուսերէն թարգմանութեան մէջ սխալներ սպրդած են։