Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/54

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

17. Վիկտոր Կոչեւսկին Խարկովէն կը գրէ 28.04.64 թ-ին.

«Սիրելի՛ Մկրտիչ, Ինչպէ՞ս ես ապրում եւ գրում։ Հրաւիրում եմ քեզ Խարկով։ Կուզէի ունենալ բոլոր լաւ գրքերը հայերէն, որ լոյս են տեսել Հայպետհրատում։

Քո Վիկտոր Կոչեւսկի»:

18.Արամ Հայկազը Նիւ Եորքէն կը գրէ 22 Փետր. 1971-ին.

«Սիրելի՜ Սարգսեան,

Մօտ մէկ ամիս առաջ «Գրական թերթ»ի մէկ համարին մէջ մեծ, շատ մեծ հաճոյքով կարդացի Ձեր մէկ գրութիւնը «Առաջին սէր» խորագրուած:

Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ այսքան սպասեցի շնորհակալութեան ու գնահատանքի այս քանի մը տողը գրելու համար։ Բայց այսօր, «աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք» խորհելով, գրիչս առի ձեռք։ Քովս չէ թերթը, որ ստուգեմ հրատարակութեան թուականը։ Գրասէր ընկերներուս եւ լաւ բարեկամներուս շրջանը կը պտըտի։ Ես միշտ մեծ ուրախութիւններս կը բաժնեմ անոնց հետ, ու կ'ուզե՛մ, որ գիտնաք նաեւ թէ մենք մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք հայրենի մտաւորականութեան ամէն մէկ քայլին եւ անոնց յաղթանակները կը հրճուեցնեն մեզ։ Ջերմօրէն կը սեղմեմ գրիչ բռնող քո ձեռքը եւ կը մաղթեմ երկար, բեղմնաւոր տարիներ։ Անկեղծօրէն՝ Արամ Հայկազ

Յ.Գ. Եթէ Համօ Սահեանին տեսնելու ըլլաս, խնդրեմ, ըսէ՛ իրեն, թէ Արամ Հայկազը շատ է սիրած իր «Քարեր, քարեր Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը։ Վ. Նորենցը աղէկցա՞ւ, լսեցի հիւանդ է եղեր, եթէ հանդիպելու ըլլաս իրեն, բարեւներէս մեծկակ շիթ մըն ալ անոր տո՛ւր։ Բայց եղի՛ր արդարամիտ, միւսներուն ալ բաժին պահէ՜։ Անուններ չեմ տար, որովհետեւ ոչ միայն տեղ չկայ այս թուղթի կտորին վրայ, այլեւ՝ կը վախնամ թէ մին կամ միւսը կը մոռնամ ու լաւ բան չըլլար, քանի որ բոլորն ալ կը սիրեմ»։

Մեր կողմէ.– Ա՛յս է իրական սէրը, որ կամուրջ կը կառուցէ։