23.Համօ Սահեանի նամակը։ Տակաւին կ'ըսեն թէ միայն Գուրգէն Մահարին զուարճախօսութեան վարպետ է։
Հոս Համօ Սահեանը ըրած է տխուր զուարճախօսութիւն.
«Սիրելի՛ Մկրտիչ,
Չափից դուրս յոգնած եմ եւ առողջութիւնս էլ կարգին չէր, վատ էր։ Թողեցի ամէն տեսակ յիսնամեակ, ողջոյններ, սուտ խօսքեր, սուտ գովքեր, հոգսեր, տիրաժ...
Թողեցի ու հեռացայ քաղաքի աղմուկից։ Հեռացայ տխուր եւ վհատ։ Եւ ահա Սեւ ծովը զայրացած ու զարմացած խփում է իմ մահացու մենակութեանն ու փշրւում ափերին։
Եկել էի ծով շնչելու, ծով լսելու, թարմանալու, թեթեւանալու, թափ ստանալու։ Բայց այս անտէր ծովը փոխանակ ապաքինելու, միանգամից իմ մէջ յայտնաբերեց մի քանի հիւանդութիւն, թափառող յօդացաւ, տնակեաց սրտի արատ, շնչահատութիւն եւ ուրիշ տեսակ բաներ...
Հիմա բուժումներ են նշանակել եւ մէկ ամիս պէտք է մնամ, ի՞նչ արած, ստիպուած եմ։ Վիճակս երկար ծանր ու թեթեւ անելուց յետոյ որոշեցի ապաւինել քո եւ Կարօ Սաղաթէլովիչի բարեացակամութեանը։ Ներեցէք, որ չարաշահում եմ ձեր բարեացակամութիւնը։ Ուրիշ հնար չկայ»։ Մնացեալը նիւթական հարցեր են, որոնցմէ ոչինչ հասկցայ։ Պատուագինի հարցեր։ Ուրեմն սքանչելի բանաստեղծը հիւանդ էր եւ պէտք ունէր դրամի։
Պաշտօն ունեցա՞ր՝ փորձանքի մէջ ես, բոլորը, մեծ ու փոքր, մէկ գերի ունին՝ այս պարագային Մկրտիչ Սարգսեանը, որ ատաշն է ոչ միայն Մկրտիչ Արմէնին, այլ՝ բոլոր, բոլորին։
24.Աշոտ Սահրատեանը Երեւանի ուսանողական օրերէս կը ճանչնամ։ Տիրապետած էր ռուսերէնին։ Յաճախ կ'երթար Մոսկուա եւ հայ գրողներու գործերուն թարգմանութեամբ կը զբաղէր։ Հոս ռուսերէնով գրած է իր նամակը, որմէ մէկ քանի տասնեակ բառեր գիտնալս կ'օգնէ ընթերցումիս, բայց չ'օգնէր որ հասկնամ կարդացածս։ Վսեկտա խարաշօ, Աշո՛տ։
Հայրդ մասնակցած էր Հայրենական մեծ պատերազմին եւ հասած Պերլին ու... Ռայխսթակի պատերուն վրայ մեր խիզախ զինուորներուն