Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/59

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

«Սիրելի՛ ընկեր Սարգսեան,

Կը մաղթեմ, որ յաջորդ մեր հանդիպումը չուշանայ եւ մենք պատեհութիւն ունենանք սրտբաց զրուցելու ու խորհրդակցելու մեր գրականութեան, Սփիւռքին եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին վերաբերեալ կամ անոր բախտին պատկանող հարցերու եւ երեւոյթներու առնչութեամբ։ Մինչ այդ, կը փափաքիմ գնահատել քու կատարած գործդ համագումարի եւ յարակից խնդիրներու, ինչպէս նաեւ գրողներու միութեան ընդհանուր հարցերու կապակցութեամբ։ Գործ, որ յաճախ անտեսանելի է եւ հետեւաբար կը մնայ անյայտ։ Կը հաւատամ, որ անկախաբար աշխատանքիդ բնոյթէն ու տարողութենէն, քու ճիգերուդ ու հետաքրքրութիւններուդ մէջ միշտ ներկայ է արտերկրի հայութիւնը։ Արտասահմանը իր լքուած ու շուարած գրողներով, իր տրտմութիւններով ու խռովքներով, իր բաղձանքներով եւ անզօրութիւնով, անհաւասար ու թերեւս անհասկնալի կռիւ մղող իր դպրոցներով, իր լեզուով եւ զայն պահելու եւ պահպանելու իր սրբազան ու անյոյս խանդով։ Վստահ եմ՝ դուն, իբրեւ հայ եւ իբրեւ բարձր պաշտօնատար գրողներու միութեան եւ այլապէս, կամ որպէս գիտակից եւ զգայուն հայրենասէր, կը տեսնես, կը զգաս, թէ հայութեան մէկ մասը կը մահանայ Մասիսէն հեռու եւ թէ հնարաւոր բոլոր միջոցներովդ, լռելեայն կամ բացայայտ կերպով կը ջանաս մեղմել անոր վիշտը, կ'ուզես սրտակցիլ անոր ու խրախուսել զայն մանաւանդ, խրախուսել, որպէսզի եթէ նոյնիսկ անհնար ըլլայ զայն փրկել, գոնէ ան մեկնի ակնկալութեամբ, թէ չէ մոռցուած իր եղբայրներէն ու հարազատներէն, չէ մոռցուած բախտէն ու յոյսէն։ (...)

Սիրալիր զգացումներով՝ Սմբատ Տէրունեան»։

Որքա՜ն ցաւ ու անյոյս յոյս մը կայ բանաստեղծ Տէրունեանին այս տողերուն մէջ, երբ միակ յոյսը հայրենի հողն է, զոր հարկ է զօրացնել։

29.Աննման Վահրամ Փափազեանը կը գրէ (անթուական) Երեւանէն. «Մկրտի՛չ, սիրելի՛ս, ահա՜ իմ Համլէտը.

Մէկինն է նա, ինչպէս բոլորինը, բոլորը նրա մէջն է, ինչպէս ինքը՝ բոլորին, հետեւաբար իմը լինելով քոնն է, եւ այսպէս քանի մտածող մարդկութիւնը կայ։

Գերագոյն ինքնադարձում ինքն իր մէջ, որի անմիջական հետեւանք