Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/69

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Գեղամ Սեւան

Եթէ այդ բոլորը արժանիքներն են երկին՝ գաղափարական իմաստով դիտուած, արուեստի կալուածէ՛ն ներս կան կրկնակի յաղթանակներ։ Առաջինը՝ տարուած յաղթանակն է ծաւալին դէմ։ Հայրենական Մեծ Պատերազմը իր ահագնութեամբ, իր բազմակողմանի երեսներով, ներառեալ թիկունքը իր ամբողջութեամբ, չէ գրաւած աւելի քան մօտ երկու հարիւր էջ եւ այս՝ փոքր արժանիք մը չէ հեղինակին եւ գրականութեան հաշուոյն։ էջի մը, յաճախ նոյնիսկ կէս էջի մէջ կերպարներ կան գծուած։ Քիչ է խօսքը, բայց ընթերցողը այդ քիչին մէջ կարող է տեսնել շատը։ Թերեւս այս է բարերար արդիւնքը բանաստեղծ Մկրտիչ Սարգսեանին, որ հանգաւոր սեղմ խօսքին բարիքն է բերեր արձակին։ Յամենայն դէպս, ուսանելի եւ ազդու արդիւնք, որ բարեբախտաբար եզակի չէ վերջին շրջաններուն։

Նոյնն է պարագան եւ վիպակներուն։ «ճանապարհի սկիզբին» վիպակը հարիւր էջերու մէջ կը պատմէ մանկութիւն մը ամբողջ, հինի եւ նորի պայքարը, կու տայ սովետական կարգերու հաստատման պատմութիւնը գիւղերուն մէջ, կուլակաթափը, այս վերջիններու ի զուր դիմադրութիւնը եւ այս բոլորին հետ ապրող ու գործող տիպարներու առօրեան, կեանքը, շրջապատը, բնութիւնը՝ հայրենի բնութիւնն իսկ կերպար է հեղինակի գրչին տակ։

Պատմուածքնե՞րը... առաջին առիթով կ'առինքնեն իրենց զուսպ եւ շինիչ հումորով, հումոր, որ բռնազբօսիկ չէ երբեք եւ աղն է գրուածքներուն։ Առօրեայ մեր կեանքին հետ սերտօրէն ձուլուած են նաեւ հեղինակին պատկերները, համեմատութիւնները միջոց են՝ ուժեղցնելու համար ապրումները։ Նորարարական յաջող փորձեր կան կատարուած այս մարզէն ներս նաեւ.

«Գարո՛ւն է։ Արեւիկը հանել է վերարկուն եւ երկնքի մի կտոր դարձած, սահում է երկրի վրայ, իսկ գարունը մեր Մարտիրոս Սարեանի վրձինը գողացել եւ փողոցները, այգիներն ու դաշտերը ընկած՝ Հայաստան է նկարում»։

«Շատ էք փոխուել, աղջիկնե՜ր...»։ Հոս արդէն հեղինակը զգացեր է, որ անզօր է նկարագրել Հայաստանի գարունը բառերով, լաւ է ըրեր եւ օգնութեան է կանչեր Սարեանին. բայց այդ օգնութիւնը եղեր է ի նպաստ իրեն եւ ամէն բանէ առաջ ի նպաստ Հայաստանի գարնան․ իսկ ինչ որ ի նպաստ է իրականութեան, աւելի կը մօտեցնէ ճշմարտութեան,