այդ արդէն վարպետութիւնն է ստեղծագործողին։ Առանց տակաւին շեշտելու թէ այդ գիւտը գործին կու տայ առաւել այժմէականութիւն, թարմութիւն եւ անմիջականութիւն։
Պատկերաւոր բանաստեղծական խօսքի վարպետ է Մկրտիչ Սարգսեանը։ Քիչ չեն իր ստեղծագործութիւններուն մէջ այնպիսի տողերը, որոնք կը ստիպեն կանգ առնել եւ երկարաձգել վայելքի քաղցրութիւնը։ Երբեմն ինքնատիպ համեմատութիւն մը աւելի խորը բացայայտելու առիթ է գրուածքին մթնոլորտը։
Մկրտիչ Մարգսեանի «Կեանքը կրակի տակ» հատորը իր վերջաւորութեան, համանուն խորագիրը կրող վէպին մէջ ունի հետեւեալ տողերը. «Չէ՛, սիրտն անբուժելի է, զոհերն ամփոփւում են ոչ միայն եղբայրական գերեզմաններում, այլեւ՝ ամէնից առաջ, սրտերի մէջ»։
Հեղինակի սրտին մէջ ամփոփուած եղբայրական գերեզմաններու վէպն է այս գիրքը իր մեծամասնութեամբ։ Բայց սիրտն անբուժելի չէ. փաստ, որ գրուած է լարուած ու տքնաջան աշխատանքով, եւ քանի լոյս տեսած է՝ կը նշանակէ բուժուած է սիրտը՝ իր կատարած վեհ պարտքովն իսկ։ Ասկէ՝ այդ տուրքի թուականը հանդիսացող 1961-62 տարիներուն բեղմնաւոր արդիւնքը հեղինակին։ Այո՛, սիրտը անբուժելի չէ, քանի այդ գերեզմաններու սրբազան հողին վրայ, մարդը այսօր կ'ապրի գերագոյն նպատակով մը, որ կը ձգտի յանուն կեանքին ու մարդկային երջանկութեան, հեքիաթային խիզախումներու։ Քանի այդ կեանքը յանուն վաղուան կլանած է իր մէջ հարիւր միլիոններ, միլիոն-միլիոն սիրտեր, որոնք կը կերտեն մարդկութեան վառ ապագան։ Այդ տեմպը, այդ թոփիւնը կայ այս գիրքին մէջ, կայ շատ սովորական թուացող պատմուածքի մէջ նոյնիսկ։
Պիտի ըսել, որ գիրքը հակառակ իր ունեցած աչքառու արժանիքներուն՝ զերծ չէ եւ թերութիւններէ. այդ թերութիւնները մերթ ընդ մերթ կատարուող անտեղի միջամտութիւններն են հեղինակին, երբեմն զգացուող ճառայնութիւնը։ Բայց «Կեանքը կրակի տակ»ը գիրք մըն է, որ նուաճումներէն է վերջին տարիներու սովետահայ գրականութեան եւ գիրք մըն է, զոր եւ կարելի է խնդրել եւ կարելի է, որ կարդացուի անպայման։