Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/71

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Նշան Խոշաֆեան

ՆՇԱՆ ԽՈՇԱՖԵԱՆ
«ՏԻՐԱՄՕՐ ՊԱՏԿԵՐԻՆ ԱՌՋԵՒ»
Մկրտիչ Սարգսեանի[1]


Գրքոյկ մը զոր ձեռքիդ մէջ կը շոյես կարդալէ առաջ, ծաղիկներու փունջի մը նման։ Իրապէս արուեստի, գիրի ու նկարչութեան սիրուն համադրում մըն է։

Գեղատիպ ու գեղազարդ արտաքինով՝ քնքոյշ գրքոյկ մը, որ մէկ նայուածքով կը գրաւէ քեզ։

Խորագիրը անակնկալ թելադրականութիւն մը ունի, որուն կ'ուզես մտերմանալ անմիջականօրէն։

Սայեաթ-Նովան Թիֆլիսի սիրուած աշուղն է։ Իր արուեստին հմայքովը յաղթած է ժողովուրդներու, գահերու ու երկիրներու։ Բայց պարտուած է իր տենչանքներուն անյաղթահարելի ծարաւէն ու միայն երկրային անկատար գեղեցկութիւներու փշրանքներ կը տեսնէ շուրջը։ Իր երազածը չէ՜ այս աշխարհը ու անոր ունեցած գեղեցկութիւնները։ Որոնումի մէջ է։ Կ'երգէ ու կը նուագէ Կատարեալին համար, որ աստուածային դիմագիծով՝ գեղեցիկն է։ Կը նայի Աստուածամօր պատկերին՝ իբրեւ վերջին յոյս, ու կը տեսնէ թէ անոր նայուածքն անգամ սառած է ու վանողական արտայայտութիւն մը ունի։ Աստուած չէ կրցած ստեղծել այն գեղեցիկ արարածը, որ պիտի կրնար խաղաղեցնել իր եռացող սիրտը։

«— Տո՛ւր ինծի սիրելու իմ անկապտելի իրաւունքը, կամ՝ ապրելու իրաւունքը իմ՝ ա՛ռ»։

  1. Մկրտիչ Սարգսեան, «Տիրամօր պատկերի առջեւ», նկարազարդում՝ Մ. Սոսոյեանի, Երեւան, Հայպետհրատ, 1965, տպ. 10000։