Սայեաթ-Նովան այսպէս երգեց ժողովուրդներու, պալատներուն ու զինուորականներուն առջեւ։ Երգեց ու յաղթեց։ Բայց գեղեցիկին հասնելու իր տառապանքին մէջ կրեց մեծագոյն պարտութիւնը։ Այս պարտութիւնը՝ յաղթանակը եղաւ բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք արուեստի ու գեղեցկութեան աշտարակներու վրայ բարձրացուցին իր զգայութիւններուն բոցավառ կանթեղը։
Պարզ գրքոյկ մը, ոեւէ ընթերցող պիտի սիրէ զայն, ոեւէ ընթերցող պիտի կարդայ զայն բազմաթիւ անգամներ՝ սիրոյ ծարաւէն այրող իր հոգիին թեթեւութիւն բերելու համար։
Մկրտիչ Սարգսեան պատմուածքի վարպետ է։ Իր գրիչը կենդանի շունչ ունի՝ հողն ու հոգին պեղելու աստիճան։ Իր նկարագրած տեսարանները կեանքի բեմին վրայ շարժող պատկերներու դրոշմը ունին։ Շողշողուն են իր երեւակայութիւնները, որոնք կառչած կը մնան պրկուած ջիղերու եւ թրթռացող զգայնութիւններու։
Կարճ պատմուածքի մը մէջ խտացուած են Սայեաթ-Նովայի կեանքը ու անոր արուեստին հմայքը։ Կատարելութեան ձգտող աշուղին սրտին ու հոգիին գրքոյկն է այս՝ իմաստասիրական վերլուծումով երկնուած։
Մեր ընթերցողներուն ծանօթ է իր գեղեցիկ պատմուածքներով («Չմոռանալ»)։