Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/86

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

Ինչպէս ըսինք վերեւը, Մկրտիչ Սարգսեան մասնակցած է Հայրենական Պատերազմին։ Եւ ինչպէս որ սովետ այն բոլոր գրողներուն վրայ, որոնք մասնակցած են Հայրենական Պատերազմին, պատերազմը՝ ինքը խոր հետքեր ու վէրքեր թողած է անոնց մարմնին թէ հոգիին ու մտածողութեան մէջ, նոյնպէս եւ Մկրտիչ Սարգսեանը պարզ էր, որ չէր կրնար բացառութիւն կազմել։ Պատերազմին միակ «բարիքը», եթէ երբեք այդպէս կարելի է արտայայտուիլ ահաւոր սպանդի մը մասին, որ քսան միլիոն սովետ քաղաքացիներու կեանքը խլեց, այն է, որ ծնունդ տուաւ գրական մեծ թիւով գլուխ-գործոցներու։

Ցարդ Մկրտիչ Սարգսեանէն կարդացած ենք միայն երեք գործ՝ «Սերժանտ Կարօն», որ, ինչպէս ըսինք վերեւը, իր ատենին թերթօն ըրինք «Արեւ»ի մէջ, «Կեանքը Կրակի Տակ», որ հակառակ որ լոյս տեսած է 1963 թուականին, մեր ձեռքը անցաւ միայն... անցեալ տարի, եւ հետեւաբար, մօտ քառորդ դար առաջ լոյս տեսած գործ մը կարելի չէր այսօրուան ակնոցով դիտել, թէեւ այս մէկն ալ գրական հիանալի գործ մըն է, այդ մասին չարտայայտուեցանք, եւ այս վերջինը։ Սակայն, դատելով հատորներուն խորագիրներէն, Մկրտիչ Սարգսեանի գործերուն մեծ մասը կը վերաբերի Հայրենական Պատերազմին, որուն բոցերուն մէջէն է, որ կազմաւորուած է գրողը, որ անոր մասնակցած էր 18-21 տարեկան ծաղիկ հասակին։

«Չմակարդուող Արիւն» վէպը, մէկ ծայրէն միւսը, Հայրենական Պատերազմին այն հատուածին պատմութիւնն է, ուր գտնուած եւ կռուած ու վիրաւորուած, եւ կրկին ռազմաճակատ մեկնած է ինքը՝ հեղինակը։ Միայն թէ, վէպը կը սկսի բաւականին մանրամասնեալ դրուագներով, եւ սակայն, որքան կը մօտենայ իր աւարտին, այնքան արագ կ'ընթանայ պատմութիւնը, կարծէք հեղինակը, վերապրելով պատերազմին արհաւիրքները, հոգեկան մեծ լարումով է, որ յաջողած է զայն իր աւարտին հասցնել։ Սակայն, վէպը կ'աւարտի, երբ սովետական բանակը կը հասնի հարաւային ռազմաճակատին վրայ, սովետական սահմանին։ Անկէ ետք չի շարունակուիր։

Վէպը ունի մէկ եւ միակ գլխաւոր հերոս մը՝ ինքը՝ հեղինակը։ Սակայն, չկարծէք, թէ ան՝ հերոսը, վերածուած է այս ձեւով անձնակեդրոն տիպարի մը, կամ Մկրտիչ Սարգսեան տեւապէս ինքնագովութիւն