— Քա եաւում...
— Ոչ, այս գիշեր քէյֆի գիշեր է:
— Տարագրութեան օրերուն, թիւրք զապիթ մը, Օսմանիէի մէջ, ինծի այնպիսի ապտակ մը տուաւ որ ականջիս մէկը այդ օրէն ի վեր խուլցաւ: Այդ օրէն աշխարհը կը լսեմ մեկ ականջով:
— Հայրիկ, Նոր Տարուան գիչերով սեֆէրպէյլիկէն մի՛պատմեր:
— Լա՛ւ, չեմ պատմեր միայն թէ սա տոքթորները մարդը երիտասարդացնելու մէկ ճարը գտնեն:
— Մեկ ականջով ապրեցար, դուն անոր նայիր:
— Հայը մէկ ականջով ալ կ՚ապրի: Հայ ժողովուրդին կենացը ...
Բոլորս խմեցինք հայ ժողովուրդի կենացը:
Այո տունն ալ շէն սեղան մը ունի: 18-22-ի միջեւ երեք երիտասարդ կայ այստեղ: Բաւական խմած են բոլորն ալ ու տաք-տաք ապագայէ կը ճառեն:
— Գանատա պիտի երթամ:
— Միացեալ Նահանգներ երթալը նաղընտրելի է:
— Աւստրալիան ալ գէշ չէ:
— Ծօ ձեզ այդ տեղուանքը ձգողը ո՛վ է,- չկարցավ զսպել ինքզինք ընկերս, այդ տղաներուն հայրը, որ ինձմէ տասը տարիով մը մեծ էր ընդամէնը:— Մենք ձեզ հասցուցինք, միջնակարգ ուսում տուինք, որպէսզի Ամերիկայի չեմ գիտեր ո՛ր տեղի աղջիկներուն կե՞ր դարձնենք:
— Մենք օտարի հետ չենք ամուսնանար:
— Ամուրին կը կարծե թէ դիւրին է կնիկ ծեծելը:
— Ծօ մէկն ալ չ՚ըսեր թէ Երեւան կ՚ուսանինք: Կը կարծե թէ ապագայ կոչուածը միայն ովկիանոսէն անդին կը գտնուի:
— Տանող ըլլայ կ՚երթանք:
— Ճար մը գտնելու է:
— Այո՚, նախընտրելի է Երեւան ղրկել այս լաճերը: Գոնէ հայ կը մնա, հայ կը մեծնան, գուցէ քիչ մըն ալ օգնեն ուրիշներուն հայ մնալուն:
Մինչեւ հիմա լաւ էինք, ուրախ էինք, հազար չարչարանքով գործերնիս շտկեցինք: Նիւթապէս ապահով ենք. Թէ գնա՛ տէրտ մի ըներ, հիմա այս չոճուխներուն տէրտն է որ Նոր Տարին ալ մեր քիթէն բերնէն կը բերէ: