Լռութիւն:
Լռութիւն:
Լռութիւն:
Վստահ եմ որ այդ տղան գնաց Գանատա՝ իր ապագան… շտկելու:
ՍԱ ՀԱՅԵՐԷՆԸ
—Հայերէնը դժուար լեզու է: Երանի այս դասը վերվնէին դպրոցէն:
Դպրոցը հայկական էր, խօսողը՝ ընկերոջս աղբարիկը:
Ադէն, Հալէպի մէջ հասած ենք այստեղ: Ուրեմն որքա՜ն երկար ճանապաչհ անցած ենք որ հասած ենք այստեղ:
Ետեւ նայեցայ: Ընդամէնը քալած ենք յիստուն տարի:
—Մարդ յիսքուն տարեկանին կը ծերանա՞յ:
—Այդպէս է առանց հողի:
—Կը յիշե՞ս Միտիային ըսածը ռուսական հողին մասին «Քարամազով Եղբայներ»ուն մէջ:
—Երբեք չե՛մ մոռնար: Առանց հողի,. հողի կարօտը պիտի սպիտակեցնէր Միտենկայի մօրուքը ու պիտի մթագնէր մեր ճակատագիրը:
Ընկերս բորվոքած էր: Միտքէն ծեծած էր իր այնքան խելօք ազաբալիկը: Գնացած էր սենեակը ու լացած: Վերադարձին:
—Ի՛նչ ընենք աղբարիկիս հետ:
Եթէ միայն աղբարիկդ ըլլար, դիւրին էր: Մեր մայրերն ալ սկսած են դաւաճանել մեզի, մեր մայրերը չեն գիտեր թէ ո՛վ է Շուշանիկը, չեն գիտեր մեր պատմութիւնը, եւ վա՜յ անոր որ անցեալ չունի, քանզի անցեալ չունեցողը չի կրնար ներկայ ունեալ եւ առաւել եւս՝ ապագայ:
Բայց ի՞նչ ընենք, ըսէ՛ ի՛նչ ընենք:
—Սիրե՛լ պէտք է տանք Մեսրոպեանը: Սորվեցնենք թէ Հայուն հայրենիքը ունի հազարամեայ պատմութիւն: Սիրե՛լ տանք մայրենին սիրել տալը՝ մեր ամենամեծ զէնքն է հեռաւոր ափերու վրայ:
Թէեւ կեանքն ալ իր երկաթէ օրէնքները ունի, որոնք ամէն օր նեղնալով մեզ շնչահեղձ պիտի ընեն…