Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/327

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 1-ին

ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ԿԱՁՄՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Պատգամատրագրերու Վաւերացման Յանձնաժողովը բերաւ իր տեղեկագիրը, որան հիման վրայ հաստատաեցաւ հետեւեալ պատգամաարներու ընտրութիւնը.

Ամեն. Դարեան Արքեպիսկոպոս եւ Տիարք Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան ու Բարսեղեան` Պոլսէն:

Գեր. Հ. Թորոսեան` Գենետիկի Միաբանաթենէն

Տիար Մոստիչեան` Յունաստանի հայ գաղութէն

Տիարք ԹէքԷեան եւ Տոքթ. Նեւրուզ` Եգիպտոսի հայ գաղութէն

Տիարք Յակոբեան եւ Ֆնտգլեան` Անգլիոյ հայ գաղութէն

Տիարք Յովհաննէս Խան Մասեհեան եւ Վարանդեան` Պարսկաստանի հայութեպն կողմէ

Տիարք Շանթ, Փափազեան Եւ Թէրզիպաշեան` Կովկասի թրքահայ գաղթականներին կողմէ

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար` հնդկահայոց կողմէ

Տիար Տէր-Ստեւիանեան` Իտալիոյ հայ գաղութէն

Տիարք Աղաթօն Պէյ, Բրօֆ. Թումայեան եւ Տամատեան` Ամերիկայէն, առժամանակեայ կերպով, մինչեւ ժողովրդական քուէով ընտրուելիք ներկայացուցիչներուն ժամանումը:

Տիար Տէրտէրեան՝ Ռումանիոյ հայ գաղութէն

Տիար Տոքթ. Սայեան եւ Հինդլեան Պուլկարիոյ հայ գաղութէն

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան՝ Զուիցերիոյ հայ գաղութին կողմէ

Հրաժարեցաւ Ամերիկայէն աոժամանակեայ կերպով ընտրուած Տիար Տամատեան:

Միջագետքի հայ փախստականներու ներկայացուցչին մասին տարակարծութիւն եղաւ, որովհետեք՞քյրկու հակասական հեռագիրներ կային, մէկը՝ Պաղտատէն՝ Վահրամ Փափազեան ստորագրութեամբ, որ կ՚իմացնէր Տիար Բրօֆ. Խաչատուրեանի ընտրուած ըլլալը, եւ միւսը Պասրայէն՝ Գեր. Մուշեղ Ս. Եպիսկոպոսի կողմէ, որ կիմացնէր Տիար Տէրվիշեանի ընտրութիւնը:

Որոշուեցաւ առկախ ձգել Միջագետքի պատգամաւորին ընտրութեան խնդիրը:

Որոշուեցաւ հրաւիրել նոյնպէս Ֆրանսայի հայ գաղութին կողմէ ընտրուած պատգամաւորները՝ Տիարք Ներսէսեան Խան եւ Քէլէկեան Խան:

2. ԾՐԱԳՐԻ ՄՇԱԿՈՒՄ

Ծրագրի Մշակման Յխսծնաժողովին տեղեկատուութենէն յետոյ, Տիար Թէրզիպաշեան դիտել տուաւ, որ Համագումարի օրակարգին գլուխը պէտք է դնել պարենաւորման հարցը, որովհետեւ ամէն ինչ լաւ է այդ ծրագրին մէջ, բայց այդ գեղեցիկ ծրագիրը ո՛չ մէկ արժէք կունենայ վաղը, սովէն ամայացած ու ղատարկուած Հայաստանի մէջ:

Այդ մասին մասնաւոր յանձնախումբ նշանակուած ըլլալով, Յանձնախումբի կողմէն Տիար Մալքոլմ՝ կատարուած դիմումներում նկատմամբ տեղեկութիւն տուաւ եւ յոյս յայտնեց, որ երկու միլիոն տոլար կարելի պիտի ըլլայ ստանալ Ամերիկայէն եւ թէ քանի մը օրէն կը հասնի ատոր պատասխանը:

Տիար Ահարոնեան, որ եկած առաջին օրէն իսկ ցոյց տուած էր Հայկական Հանրաւվեաութեան պարենաւորման հսկւպ կարիքը, կրկին յարոյց խնդիրը, ըսաւ թէ