Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/328

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ինք ինչ դիմումներ կատարած էր Դաշնակիցներու Պոլսոյ ներկայացուցիչներուն մօտ եւ թէ կը պատրաստուէր այստեղ եա նոյն դիմումնեղրը կրկնել. Բայց յարեց պէտք է աւելի բոտն թափոփ աշխատիլ ւսմէն գնով եւ շուտով Քուպանէն ցորեն հասցնելու համար դէպի Երեւան, Նովոռոսիյսք-Պաթում գծով, քանի որ Քուպանի մէջ մեծ քանակութեամբ ցորեն կար արդէն եւ Զօրավար Տենիքին հաւանած էր պէտք եղած չափով ցորեն տրամադրել, կը բաւէ, որ վստահ ըլլար, թէ այղ ցորենէն չպիտի օգտուին վրացիք:

Թեր ու դէմ վիճաբանութենէ յետոյ, որոշուեցաւ կազմել Պարենաւորման Յանձնախումբ մը, որուն անդամ նշանակուեցան՝

Տիարք Բիրալեան /Տիար Ահարոնեանի օգնական/
            Թէրգիպաշեան
            Մալքոլմ
            Փաստրմաճեան

որոնք պիտի ուսումնասիրեն խնդիրը եւ պիտի խորհին պարենաւորման բոլոր կարելի միջոցներու մասին: Իսկ ինչ կը վերաբերի այս մասին ըլլալիք քաղաքական դիմումներու, այդ գործը թողուեցաւ Ազգային եւ Հանրապետութեան Պատուիրակութեանց Նախագահներուն:

Տարագիրներու եւ Որբերու Նպաստից Բաշխման Յանծնախումբը առաջարկ բերաւ անմիջապէս 60.000 ֆրանք զրկել Եգիպտոս Ազգ. Միութեան նպաստամատոյցին, յատկացուելու համաի Սուրիո/Դամասկոս, ՊԷյրութ, Հալէպ/ տարագիրներու եւ որբերու օգնութեան:

Համագումարը ընդունեց այս առաջարկը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան առաջարկ բերաւ դիմում կատարել Վենետիկի Մխիթարեան Միւսբանութեան մօտ, որպէսզի յանձնախումբ մը ղրկէ երկրի յարմարագոյն մէկ կեդրոնը, այնտեղ զբաղուելու համար որբերու հոգատարութեան գործով:

Ի պատասխան այս առաջարկին՝ Գեր. Հ. Թորոսեան ժողովին տեղեկացուց, որ ինք արդէն այդ ուղղութեամբ թելադրութիւն ըրած է իրենց Միաբանութեան եւ թէ ուրախ է յայտնելու, թէ արդէն իսկ Մուշ, Նիկոմիդիա, Տրապիզոն եւ Պարտիզակ ներկայացուցիչներ ղրկած է՝ որբանոցներ հաստատելու եւ կամ իրենց դպրոցները վերաբանալու համար:


3. ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ

ՍԱՀՄԱՆՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ

Կազմուեցաւ Օժանդակ Յանձնաժողովներու մասին խորհրդակցելու, անոնց թիլն ու դերը ճշդելու պաշտօն ունեցող յանձնախումբ մը, որուն անդամ նշանակուեցան՝

Տիարք Մասեհեան Խան,
          Նեւրուզ,
          Շանթ,
          Տէրպէտէրեան


4. ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՏԻԱՐ ԹԷՐԶԻՊԱՇԵԱՆԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԱՍԻՆ

Նիստին վերջաւորութեան՝ Տիար Թէրզիպաշեան ժողովին ներկայացուց հետեւեալ տեղեկագիրը.