Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/334

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 2-րդ

26 փետրվարի 1919թ.

ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՏԻԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅ

ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐՈՒ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Նիստը սկսելուն Տիար Յակոբեան, որ Անգլիոյ մէջ երկար ժամանակ Պատուիրակութեան քարտուղարը եղած է, եւ վերջին օրերս հասած էր Անգլիայէն, հետեւեալ զեկուցումը ըրաւ ժողովին հայ վերապրողներու կացութեան մասին.

Տիար Յակոբեան. Անգլիոյ մէջ տրամադրութիւնները շատ աղէկ են: Իմ տպաւորութիւնս այն է, որ անգլիական կառավարութիւնը ամէն ջանք պիտի ընէ' մեր համազգային ծրագիրը յաջողցնելու համար, ու պարենաւորման անհրաժեշտ նկատուած հրահանգները տրուած են անգլ. ներկայացուցիչներուն, որպէսզի ամէն կարգի աջակցութիւն ընեն հայերուն, առատ պաշար տալով: Հալէպի մէջ կը գործէ յատուկ մարմին մը Գնդապետ Hocher-ի նախագահութեամբ, որպէսզի ո՜չ միայն նպաստ բաշխէ տարագիրներուն, այլեւ օգնէ անոնց վերադարձին դէպի Հայրենիք: Գերմանիա գտնուող 15.000-ի չափ հայ գերիները ուշադրութեան աոնուած են, խնամքի առարկայ պիտի ըլլան եւ յարմար ժամանակին պիտի դարձուին երկիր:

Հարցում եղաւ Կովկասի մասին եւ Տիար Յակոբեան պատասխանեց, թէ անգլիական իշխանութեանց կողմէ իրեն յայտնուած է, որ վերջերս Կովկասի վիճակը աւելի բարելաւուած է, որովհետեւ հիաիսէն բաւական մեծ քանակութեամբ ցորեն բերուած է Երեւան:

ժողովը մեծ գոհունակութեամբ լսեց այս յայտարարութիւնները:


2. ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԲԱՑՄԱՆ

ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ

Խօսք առաւ՝ Համագումարի բացման հանդէսի Կարգադիր Յանձնախումբին կողմէ

Տիար Թեքէեան. Բրոբականտի տեսակէտով Յանծնաժողովս անհրաժեշտ կը նկատէ հանդիսաւոր բացումը, որուն համար պէտք է վարձել մեծ սրահ մը, օրինակ Palais d'Orsay, որուն վարչութեան հետ բանակցիլ սկսած ենք: Կը խորեինք հանդէսը ընել կէսօրէ վերջ, ժամը 3-ին, որմէ ետքը թէյ տալ հիւրերուն, սրահին կից մեծ սենեակի մը մէջ, այս կերպ մտքերու աւելի մտերմական փոխանակութիւն մը հնարաւոր դարձնելու համար: Յանձնաժողովս կ՚առաջարկէ հրաւիրել Հաշտութեան Վեհաժողովին մէջ մտնող միսիոնները, նախարարները, հայասէր ծերակուտականներն ու երեսփոխանները, մեծ թերթերու տնօրէնները, բարեկամ հրապարակագիրները, հայ եւ օտար մամուլի ներկայացուցիչները, Փարիզի հայ գաղութը, Փարիզ գտնուող յոյն, արաբ, սուրիացի, պարսիկ եւ այլ ներկայացուցիչներ: Պէտք է հրաւիրել նաեւ տիկիններ, հայ եւ օտար: Բացումը պիտի կատարէ Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահը: Պիտի խօսին քանի մը անձեր:

Այս առթիւ բացուած վիճաբանութեան ընթացքին պարզուեցաւ, որ պատգամաւորները ամբողջովին անհրաժեշտ կը նկատէին հանդիսաւոր բացումը, ընդունելով անոր մեծ նշանակութիւնը բրոբականտի, ինչպէս նաեւ հայ հասարակութեան վրայ ընելիք բարերար ագդեցութեան տեսակէտով:

Կարծիքները կը տարբերէին երբ խօսք կ՛ըլլար հրաւիրեալներու ցանկի մասին: Գլխաւորաբար Երկու հոսանք կար: Մէկ կողմը կը նկատէր, որ Համագումարի բացումին պէտք է հրաւիրել պաշտօնական անձեր, որպէսզի այս կերպով հայ