Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/335

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ժոդովուրդի քաղաքական կեանքի սկզբնաւորութիւնը որոշակի աչքի զարնէ: Այդ կարգի անձերու հրաւէր ուղղել չի նշանակեր անպատճառ սպասել, որ իրենք գան, կրնան իրենց մէկ ներկայացուցիչը զրկել: Միւս կողմը կը կարծէր, որ աւելի համեստ եւ նուագ յաւակնոտ ըլլալու ենք, հրաւիրելով միայն մեր օտար բարեկամները, թերթերու խմբագիրներ, Փարիզի հայ հասարակութիւնը, իսկ արտաքին գործերու նախարարութիւններուն, գէթ ֆրանսականին Համագումարին բացումը նախապէս պէտք է ծանուցանել:

Ոմանք անհրաժեշտ նկատեցին հրաւիրեալներու մէջ մտցնել նաեւ մեր ապագայ դրացիներու ներկայացուցիչները, յոյն, արաբ, լիբանանցի եւ այլն, բայց այս կարծիքը ընղհանուր հաւանութիւն չգտաւ:

Ընդհանուր հաւանութիւն չգտաւ նաեւ Համագումարի բացման հանդէսը տեսակ մը բողոքի միթինկի վերածելու առաջարկը, զոր ըրին պատգամաւորներէն ոմանք:

Վիճաբանութեան միջոցին արտայայտուած կարծիքները ամփոփուեցան հետեւեալ երեք բանաձեւերու մէջ.

Ա. ԲԱՆԱՁԵՒ. Հանդիսաւոր բացում Յանձնաժողովոյ ըմբռնած ծեւով:

Բ. ԲԱՆԱՁԵՒ. Հանդիմսււոր բացում հրաւիրելով հայ հասարակութիւնը, հայ եւ օտար մամուլը եւ օտար բարեկամներ:

Գ. ԲԱՆԱՁԵՒ. Հանդիսաւոր բացում հրաւիրելով միայն հայ հասարակութիւնը եւ հայ ու օտար մամուլը:

Յաջորդաբար քուէի դրուեցան այս երեք առաջարկութիւնները: Առաջինը Յանձնաժողովինը սւոացաւ 2 քուէ միայն ու մերժուեցաւ: Երկրորդը նոյնպէս մերժուեցաւ, միայն մէկ քուէ ստանալով: Իսկ երրորդ առաջարկութիւնը ընդունուեցաւ 10 ձայնի մեծամասնութեամբ:

Հանձնաժողովի անդամներէն Տիարք Թէքէեան եւ Տէր-Ստեփանեան հրաժարեցան բողոքելով իրենց ընկերակիցներուն դէմ, որոնք ժողովին մէջ չպաշտպանեցին Հանձնաժողովին կարծիքը:

Ընտրուեցաւ նոր Կարգադիր Տանձնախումբ մը, որուն անդամ նշանակուեցան

Տիարք Մալքոլմ
            Չօպանեան
            Տամատեան


3. ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ

Ներքին Կանոնագրի Պատրաստութեան Հանձնաժողովին տեղեկաբեր Տիար Հինդլեան կարդաց ամբողջ Կանոնագիրը, որ կը բաղկանար 26 յօդուածներէ:

Կանոնագիրը երկրորդ ընթերցումով վիճաբանութեան ենթարկուեցաւ յօդուած առ յօդուած եւ ընդունուեցան 1-15 յօդուածները ոմանք /յօդ. 5, 6, 12/ կարգ մը բարեփոխութիւններով: 12-րդ յօդուածին քուէարկութեւսն միջոցին Տիարք Հինդլեան եւ Տէր-Ստեփանեան ձեռնպահ մնացին, այդ խնդիրը կապուած նկատելով աոժամեայ Պատուիրակութեան եւ Համագումարի փոխյարաբերութեանց հարցին հետ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 10-11 շրջ.: Ձեռագիր: Բնագիր: