Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/336

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 3-րդ

ՕՐԱԿԱՐԳ

27 փետրվարի 1919թ.

1. ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԺՈԴՈՎՆԵՐՈՒ

ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ

Տեղեկաբեր Տիար Տէրպէտէրեան կարդաց Յանձնախումբին առաջարկութեանց գլխաւոր կէտերը, որոնց մասին հարկ եղած բացատրութիւնները տրուեցան թէ Տիար տեղեկաբերին եւ թէ Տիար Շանթի կողմէ: Յանձնախումբը կ՚առաջարկէր ընդունիլ երկու տեսակ Յանձնաժողովներու կազմութեան անհրաժեշտութիւնը.

1. Համագումարի

2. Պատուիրակութեան

Առաջինները անմիջական կապ պիտի ունենան Համագումարին հետ, այսինքն պիտի ընտրուին Համագումարին կողմէ, իր անդամներուն մէջէն, պիտի ուսումնասիրեն իրենց յանձնուած խնդիրները, եւ իրենց գործը պիտի շարունակեն մինչեւ Համագումարին փակումը:

Երկրորդ կարգի յանձնաժողովները պիտի թելադրուի, որ ընտրուին Պատուիրակութեան կողմէ, պիտի ըլլան մնայուն, որքան ատեն որ Պատուիրակութիւնը շարունակէ պահել իր գոյութիւնը, եւ Պատուիրակութեան պիտի օժանդակեն ամէն մէկը իրեն գծուած շրջանակին մէջ:

Ոմանք այս մասին որոշում կայացնելը կանխահաս նկատեցին, որքան ատեն, որ չէ պարզուած Պատուիրակութեան եւ Համագումարին փոխյարաբերութեանց խնդիրը:

Թեր ու դէմ կարծեաց փոխանակութենէ վերջ, ընդունուեցաւ այն սկզբունքը, թէ յանձնաժողովները պէտք է ըլլան երկու կարգի.

1. Համագումարի յանձնաժողովներ

2. Պատուիրակութեան յանձնաժողովներ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար իմացուցած ըլլալով, թէ ինք պիտի ուշանայ, յանձնարարած էր սկսիլ ժողովը, ուր տեղի ունեցաւ Վսեմ. Յովհ. Խան Մասեհեանցի նախագահութեամբ:

Ընդհանուր քարտուղարին բացակայութեան պատճառաւ, ատենադպրի պաշտօնը առժամաբար ստանձնեց Տիար Բարսեդեան:


2. ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ

Յօդուած առ յօդուած կարդացուելով եւ վիճաբանութեան ենթարկուելով, ընդունուեցան մնացեալ 16-26 յօդուածները, որոնցմէ մէկ քանին կարգ մը բարեփոխութիւններով:

23-րդ յօդուածին քուէարկութեան պահուն Տիար Տէրպէտէրեան ձեռնպահ մնաց ընելով հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Այս խնդիրը սերտ առնչութիւն ունի երեք պարագաներու հետ, որոնց Եւ ոչ մին լուսաբանուած եւ որոշուած է տակաւին:

Այդ երեք պարագաներն են.

1. Պատուիրակութիւնը, ընտրութեան եղանակը եւ դուրսէն ալ անդամներ ունենալու խնդիրը.

2. Համագումարին եւ Պատուիրակութեան փոխյարաբերութեանց բնոյթը.

3. Համագումարին առժամեա՞յ, թէ* մինչեւ կառավարութեան մը կազմութիւնը մշտական ըլլալու պարագան»: