Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/337

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տարակարծութեան առարկայ եղաւ նաեւ յօդուած 24-ը, որով նախատեսուած է, որ Պատուիրակութեան գործունէութեան վերաբերեալ խնդիրներու քննութեան միջոցին, Պատուիրակութեան անդամները քուէ տալու չեն:

Թեր ու դէմ վիճաբանութիւններէ վերջ որոշուեցաւ այս կարգի բոլոր խնդիրները «կենսական» նկատել, հետեւաբար աոնուազն 19 քուէի կեդրոնացում մը անհրաժեշտ դատուեցաւ անոնց քուէարկության առթիւ, որպէսզի ոեւէ առաջարկ վերածուի որոշումի:

Որոշուեցաւ նաեւ վիճելի չդարձնել Պատուիրակութեան անդամներու քուէի իրաւունքը:

Հակառակ քուէարկեցին, պահանջելով որ արձանագրուի, Տիարք Տամաւոեան, Տէր-Ստեփանեան եւ Հինդլեան:


3. ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՎՍԵՄ. ՊՕՂՈՍ ՓԱՇԱ ՆՈՒՊԱՐԻ

Նիստին փակումէն առաջ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար ժողովին հաղորդեց կարգ մը տեղեկութիւններ, մասնաւորաբար կարդաց Ֆրանսայի վարչապետ Պ. Քլեմանսձյի վրայ կատարոււժծ մահափորձին առթիւ իր դրկած ցաւակցութեան գիրը, որով իր եւ Համագումարին անդամներուն զայրալից խռովքը կը յայտնէր կատարուած եղեռնին համար:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 12-13 շրջ.: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 4-րդ

28 փետրվարի 1919թ.

ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՔՆՆՈՒ0ԻՒՆ ԻՍԿԷՆՏԷՐՈՒՆԻ ԴԷՊՔԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՖՐԱՆՍԱՅԻ

ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐՕՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕԱՆՕԹԱԳՐԻՆ

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի առաջարկութեան վրայ նիստը բացաւ ու վարեց Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան:

Տիար Հանըմեանի հիւանդութեան պատճառաւ, այս նիստին ատենագրութիւնն ալ կազմեց Տիար Տոքթ. Ա. Բարսեղեան:

Նիստը սկսելուն կարդացուեցաւ ֆրանսական Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ եկած գրութիւն մը, որ իր կարեւորութեամբը անմիջական ու երկարատեւ մտքերու փոխանակման առիթ դարծաւ: Այդ գրութեամբ կը հաղորդուէր, որ Իսկենտերունի մէջ հայ գինուորները յարձակած են թիւրք թաղի վրայ, սպանած են 1-2 թիւրք եւ այրած են երկու տուն: Ֆրանսական ծովային զինուորներ միջամտած են, որուն հետեւանքով սպանուած են 9 եւ վիրաւորուած են 7 հայ զինուորներ: Ֆրանսացի զինուորներէն վիրաւորուած են երեքը: 150 հայ զինուորներ լեռը ելած են: Ֆրանսացի զինուորներ ցամաք հանուած են եւ պաշարած են հայ զօրանոցը:

Շատեր խօսք առին այս առթիւ եւ ամէնքն ալ զարմանք յայտնեցին, որ գեկոյցը ոչ մէկ խօսք ըրած է այդ դժբախտ դէպքի պատճառներուն մասին; Մինչ մէկ կողմէն կը շեշտուէր շարունակ, որ անհրաժեշտ է այս կամ այն կերպ լոաաբանութիւններ ստանալ այդ մասին, միւս կողմէ ընդհանուր կարծիքն այն էր, թէ թիւրք պաշտօնեաներու եւ թիւրք տարրի կողմէ գրգռութիւն մը /provocation/ եղած