Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/338

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ըլլալու է, հաւանօրէն որբերու եւ իսլամացած կիներու խնդիրը լուծել փորձուած միջոցին: Ամէն պարագայի տակ ֆրանսացի նաւազներու այդօրինակ միջամտութիւնը ենթադրել տուաւ շատերու, որ Կիլիկիոյ մէջ գործող պաշտօնեաներ այնքան ալ լաւ տրամադրուած չեն դեպի բազմաչարչար հայ ժողովուրդը եւ անոր զինուոր գաւակները, որոնց մասին մինչեւ վերջերս ֆրանսական պաշտօնական անձեր միշտ գոհունակութեամբ կը խօսէին եւ կը գովէին անոնց կարգապահական ոգին:

Շատեր խօսեցան նաեւ դարմանի եւ հակամիջոցներու մասին: Ոմանք կ՚առաջարկէին ղրկել մէկը դէպքին վայրը, որպէսզի քննութիւն կատարէ եւ տեղեկագրէ, առանց պաշտօնական յարաբերութեան մտնելու տեղական վարիչներոլ հետ: Ուրիշներ կը նախընտրէին պաշտօնական հանգամանք ունեցող մը ղրկել եթէ կարելի ըլլար նախապէս ապահովելով ֆրանսական կառավարութեան համաձայնութիւնը: Երրորդ մը կ՚առաջարկէր խնդրել անգլիական իշխանութիւններէն որպէսզի Իսկենտերունէն մանրամասն տեղեկութիւններ ուզեն այս դէպքի մասին եւ մեզի հաղորդեն: Չորրորդ մը այդ մանրամասնութիւնները կառաջարկէր հեռագրով ուզել Իսկենտերունի հայ հեղինակութիւններէն: Մէկ քանիներ կ՚առաջարկէին պահանջել, որ թիւրք պաշտօնէութիւնը վտարուի հայ զինուորներէն գրաւուած մասերէն, մանաւանդ որ կամաւորներու մասին խօսուած ատեն ֆրանսացիք ըսած են, որ շուտով պիտի ուզոփն նաեւ հայ պաշտօնատարներ, որպէսզի Կիլիկիան ամբողջովին յանձնոփ հայերուն:

Ի վերջոյ կարծիք յայտնուեցաւ, որ այս կարգի խնդիրներու լուծման միջոցին անհրաժեշտ է պաղարիւնը պահել եւ նկատի ունենալ, որ այս տեսակ խառնակ ժամանակներ նման գրգռութիւններն ու ղէպքերը սովորական երեւոյթներ են:

Առաջարկ եղաւ եւ ընդունուեցաւ, որ այս խնդրին կարգադրութիւնը յանձնոփ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի եւ Տիար Ահարոնեանի, որոնք իրենց պատրաստելիք պատասխանին պիտի կցեն նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին բողոք-գրութիւնները, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի գնդապետի մը հայ զինուորները գովող նամակին պատճէնները, հաղորդելով նոյն ատեն, որ Ազգ. Պատոփրակութիւնը չի կրնար ինքզինքը պատասխանատու նկատել այդ վայրերու անցքերուն, որքան ատեն որ անոնք հայ իշխանութեան մը ենթակայ չեն:

Յարմար դատուեցաւ, որ այս պատասխանին պատճէնները եւ դրութիւնը պարզող գրութիւնները ուղղուին նաեւ մեծ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Տիար Չօպանեան առաջարկեց Վեհ. Տ. Սահակ Կաթողիկոսէն հեռագրով տեղեկութիւններ խնդրել: Տիար Տէր-Ստեփանեանի առաջարկին վրայ ժողովը յոտնկայս իր վիշտը յայտնեց 9 հայ զոհերուն համար, իսկ Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. հոգւոց կարդաց անոնց համար:


1. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԽՆԴԻՐ

Միջանկեալ կերպով խնդրոյ նիւթ եղաւ Երուսաղէմի Յանձնաժողովին մէկ տեղեկաբերութիւնը, որով կ առաջարկուէր այդ վանքին գործերուն կարգադրութիւնը յանձնել մասնաւոր մարմնի մը, կազմուած Եգիպտոս գտնուող հետեւեալ անձերէն.

Գեր. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, Նախագահ

Տիարք Կամսարական

Րէիզեան Պէյ
3. Մութաֆօֆ
Գ. Թօփալեան
Մելքոնեան

ժողովն ընդունեց եւ վաւերացուց այս առաջարկը եւ յարմար դատեց, միաժամանակ, խնդրել անգլիական իշխանութեանց աջակցութիւնը: Այս