Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/339

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կարգադրութիւնը պիտի տեւէ այնքան ատեն, որքան որ Պոլսոյ Ազգ. Իշխանութիւնը ի վիճակի չէ Երուսաղէմի խնդրով զբաղելու:


2. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԴԻՒԱՆԻ

Ըստ Ներքին Կանոնագրի տրամադրութեան, որ կը նախատեսէր մէկ նախագահ, երկու դեր-նախագահ եւ երկու ատենադպիր, ձեռնարկուեցաւ Համագումարի նախագահին ընտրութեան, ի ներկայութեան 22 քուէարկուներու, որոնցմէ Տիար Տէր-Ստեփանեան յայտարարեց, թէ ձեռնպահ կը մնայ:

Մնացեալ 21 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ քուէարկութիւն կատարուելով, գոյացաւ հետեւեալ արդիւնքը.

Տիար Լեւոն Շանթ - 9 քուէ
Վսեմ. Տիար Նորատունկեան - 8 քուէ
Ամեն. Դուրեան Արք. - 1 քուէ
Տիար Ահարոնեան - 1 քուէ
Տիար Փաստրմաճեպն - 1 քուէ
Սպիտակ -1 քուէ

Ոչ ոք մեծամասնութիւն ստացած ըլլալով, համեմատականի մնացին Տիարք Լեւոն Շանթ եւ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան, որոնք հրաժարեցան քուէարկելէ: Այս անգամ ընտրութեան մասնակցեցաւ նաեւ քիչ առաջ ձեռնպահ մնացող Տիար Տէր- Ստեփանեան, որով համեմատականի քուէարկութիւնը կատարուեցաւ մասնակցութեամբ 20 պատգամաւորներու, եւ տուաւ հետեւեալ արդիւնքը.

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան - 11 քուէ

Տիար Լեւոն Շանթ - 9 քուէ

Վսեմ Տիար Գ. Նորատունկեան Ագգ. Համագումարի նախագահ ընտրուած հռչակուեցաւ:

Օրը տարաժամանած ըլլալով, Դիւանի միւս անդամներուն ընտրութիւնը ծեռնարկուեցաւ յաջորդ նիստին:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 14-16: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 5-րդ

1 մարտի 1919թ.

ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ ՏԻԱՐ ԱՀԱՐՈՆԵՄՆԻ ԿԱՐՍԻ ՄԱՍԻՆ

Դիւանի ընտրութեան անցնելէ առաջ Տիար Ահարոնեան խօսք առաւ եւ կարդաց Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Տիար Տիգրանեանէ նոր ստացած մէկ գիրը, որով իրեն կը հաղորդուէր, թէ անգլիական գինուորական հրամանատար Major General Forestier Walker-ի եւ Հայ Հանրապետութեան միջեւ գոյացուած է համաձայնագիր Կարսի շրջանին վերաբերմամբ:

ժողովը գոհունակութեամբ լսեց այս տեղեկութիւնները: