Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/340

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

2. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԴԻՒԱՆԻ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յիշեցուց, թէ նախորդ նիստին մէջ ըսած է, որ իր առողջական վիճակը չի թույլատրեր իրեն դիւանական ոեւէ պաշտօն ընդունիլ. սակայն Պատոփրակութեան նախագահ Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ ժողովականաց ոմանց դիմումին վրայ ինքզինքը պարտատր կը զգայ չմերժելու իրեն վստահուած նախագահական պաշտօնը, համոզուած ըլլալով, թէ Համագումարին մասնակցող իւրաքանչիւր պատգամաւոր այս րոպէիս միայն եւ միմիայն պէտք է ազգային գերագոյն շահերուն նկատումէն առաջնորդուի եւ օրինասիրութեամբ ու կարգապահութեամբ դիւրացնէ Դիւանին աշխատանքը:

Յետոյ Ն. Վսեմութիւնը Համագումարին կողմէ բարի գալուստ մաղթեց Տիարք Արշակ Չօպանեանի, Տիգրան Խան Քէլէկեանի, Ներսէս Խան Ներսէսեանի եւ Ս. Դափթ-Բէկի:

Ապա ձեռնարկուեցաւ Համագումարի երկու դեր-նախագահներուն ընտրութեան:

Բացարձակ մեծամասնութեամբ, այն է 15 ական քուէով Համագումարի դեր-նախագահ ընտրուեցան

Տիարք Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան Արշակ Չօպանեան

Ատենաղպիրներու ընտրութեան համար կատարուած քուէարկութեան արդիւնքը եղաւ

Տիարք Ս. Հինղլեան - 11 քուէ Լեւոն Շանթ-9 քուէ Վ. Թէքէեան - 4 քուէ Տոքթ. Բարսեղեան - 5 քուէ

Ընտրութիւնը մնաց համեմատականի:

Տիար Շանթ, ինչպէս միւս քուէ ստացողները, յայտարարեցին, թէ կը հրաժարին ընտրելիութենէ:


3. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԻԱՐՔ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆԻ ԵԻ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԲՆՈՅԹԻՆ ՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Քուէարկութենէն անմիջապէս վերջ Տիար Մ. Վարանղեան յայտարարեց, թէ սա միմիայն թրքահայերու համագումար է, եւ փոքրամասնութիւնը գէթ մի ներկայացուցիչ պէտք է ունենայ այնտեղ:

Տիար Ահարոնեան. Ես պարտատր եմ այս վայրկեանիս յայտնել, թէ սա համահայկական համաժողով չէ, այլ միայն թրքահայերու ժողով:

Այս յայտարարութիւնը տեղի տուաւ կարծիքներու թեր ու ղէմ փոխանակութեան Համագումարին յաչս օտարաց Հայկական Ազգ. Համագումար, եւ յաչս մերայնոց իրապէս թրքահայոց, պարսկահայոց եւ գաղութներու ներկայացուցիչներէն կազմուած համագումար նկատուելու մասին:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 17-18: Ձեռագիր: Բնագիր: