Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/341

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 6-րդ

2 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐՕՈՂՈՒԹԻԻՆՔ

1. ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՏԻԱՐ ԱՂԱԹՕՆ ՊԷՅԻ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան շնորհատրեց Ամերիկայի հայ գաղութին առժամեայ պատգամատրներէն Տիար Աղաթօն Պէյի ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը ժողովին:


2. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՍԵՄ. ՊՕՂՈՍ ՓԱՇԱ

ՆՈՒՊԱՐԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՐՏԷՍԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Պատուիրակութեան նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար կարդաց Ատրպատականի Առաջնորդ Տ. Ներսէս Եպիսկոպոսի մէկ հեռագիրը, որով ցաւ կը յայտնէր, թէ «Թայմզ»-ի հրատարակած ապագայ Հայաստանի քարտէսէն դուրս թողուած են Լոռիի, Սեւանի եւ այլ շրջանները: Ն. Վսեմութիւնը յայտնեց, թէ այդ քարտէսը սխալի մը արդիւնք եղած է եւ թէ խնդրոյ առարկայ շրջանները առնուած են Պատուիրակութեան յիշատակագրին կից քարտէսին մէջ, ինչպէս ծանօթ է:


3. ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՏԻԱՐ ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԻ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան կարդաց Տիար Մինաս Չերագի մէկ գիրը, որով շնորհակալութիւն կը յայտնէր Համագումարին զինքը անդամակցութեան կոչող հրաւէրին համար, բայց կը ծանուցանէր, թէ առողջական պատճառով ստիպուած է հրաժարիլ իրեն եղած այս պատուէն:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԴԻՒԱՆԻ

Դիւանի երկու ատենադպիրներուն ընտրութեան ձեռնարկելէ առաջ Նախագահ Վսեմ. Գ. Նորատունկեան 10 վայրկեանի դադար մը առաջարկեց ժողովին:

Տիար Շանթ առաջարկեց թեկնածուներու անուններ տալ ժոդովին որպէսզի ընտրութիւնը կարենայ արդիւնաւոր կերպով կատարուիլ:

Տիար Տամատեան անյարմար գտաւ այդ ձեւը, աւելցնելով, թէ նոյնը կրնայ կատարոփլ դադարի միջոցին անպաշտօն եղանակով:

Ըստ այնմ դադար տրուեցաւ:

Նիստը վերսկսելուն 24 պատգամաւորներու մասնակցութեամր քուէարկութիւն կատարուելով հետեւեալ արդիւնքը տուաւ.

Տիարք Թէքէեան - 16 քուէ
              Դաւիթ-Բէկ - 11 քուէ
              Տէր-Ստեփանեան - 9 քուէ
              Հինդլեան -9 քուէ
Սպիտակ - 5 քուէ


Տիար Վ. Թէքէեան հռչակուեցաւ ընտրուած: Իսկ Տիարք Դաւիթ-Բէկ եւ Տէր- Ստեփանեան համեմատականի մնացին:

Երկրորդ քուեարկութեամբ ընտրուեցաւ