Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/342

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տէր-Ստեփանեան ստանալով 12 քուէ:


2. ԿԱԶՄՈՒԹԻԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յիշեցուց, թէ Համագումարի նախապատրաստական նիստերում մէջ կատարուած խորհրդակցութիւններէն հասկցուած է, թէ ժողովը հարկ կը տեսնէ կազմութիւնը հետեւեալ Յանձնաժողովներու.

1. Պետական կազմակերպութեան սկզբնաւորութեանը վերաբերեալ խնդիրներու քննութեան

2. Վերաշինութեան

3. Տարագրելոց եւ որբերու ի նպաստ հանգանակութեան

4. Արտաքին ֆինանսական օգնութեան եւ պարենաւորման

5. Հայկական Լեգէոնի եւ զինուորական գործողութեանց

Ըստ այսմ, Ն. Վսեմութիւնը հրաւիրեց ժողովը նկատողութեան աոնել այս Յանձնաժողովներու կազմութեան սկզբունքը, աւելցնել կամ պակսեցնել եթէ պէտք է այս Յանձնաժողովներուն թիլը, ի վերջոյ Կանոնագրի տրամադրութեան համաձայն ձեռամբարձ ընտրել անոնց անդամները:

Տիար Չօպանեան. Կ՚առաջարկեմ ընտրել նաեւ բրոբականտի գործով զբաղելու կոչուած յանձնաժողով մը որուն գոյութիւնը այստեղ, այս պահում, անհրաժեշտ է:

Տիար Դաւիթ-Բէկ. Անկախ Հայաստանի ապագային համար դաստիարակութեան կենսական կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, կ՚առաջարկեմ կազմել նաեւ կրթական յանձնաժողով մը:

Տիար Փաստրմաճեան. Այս Յանձնաժողովներու ընտրութեան ձեռնարկելէ առաջ պէտք է գիտնանք, թէ ինչ է այս ժողովին նկարագիրը, կատարելիք գործը, ձեռնհասութիւնը եւ տեւողութիւնը: Իմ կարծիքով կարգ մը այնպիսի խնդիրներով, ինչպէս կրթականն է, զբաղելու ո՜չ հնարաւորութիւն Եւ ոչ ձեռնհասութիւն ունինք: Ատոնք գործն են ապագայ խորհրդարանին եւ կառավարութեան: Մեր միակ նպատակն ըլլալու է Հայաստանի արդէն անկախ մասին եւ միւս տակաւին ոչ-անկախ մասին միացման ձգտիլ, եւ մնացեալը թողուլ մեր նոր ընտրելիք Պատուիրակութեան:

Տիար Փաստրմաճեանի այս դիտողութեան վրայ Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան կարդաց Պատուիրակութեան կողմէ Համագումարի գումարման համար ուղղուած հետեւեալ հրաւիրագիրը.

Փարիզ, 15 Հոկտեմբեր1918.

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
DELEGATION NATIONALE
ARMENIENNE
12, Avenue du Pmsident Wilson


Սիրելի՝ Հայրենակիցներ

Ազգային Պատուիրակութիւնս եկած է այն ՛խոր համոզման, որ պատերազմին ստեղծած ներկայ պայմաններու մէջ ազգային ներկայացուցիչ մարմնի մը գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն դարձած է ոչ միայն ազգային շահերու պաշտպանութխնը ընդհանուր ազգի կողմէն ընտրուած մարմնի մը յանձնելու, այլ եւ ամբողջ աշխարհի, եւ մասնաւորապէս Խաղաղութեան Քոնկրէսին առաջ ապացուցելու համար, որ հայ ազգի քաղաքական եւ այլ պատճառներով իրարմէ բաժնուած.. եւ ցիրուցան անդամները մի՛ եւ նոյն անբաժանելի ազգութեան հատուածները կը կազմեն: Այղ նպատակին իրագործման համար Պատուիրակութիւնս մշակած է ներկայ նամակիս