Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/343

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կցրսած Կանոնագիրը, Փարիզի մէջ գումարելու Համագումար մը, որուն անդամները ընտրուած պիտի ըլլան ամբողջ ազգին կողմէն:

Սակայն այս հրաւիրագիրը ղրկելու միջոցին Դաշնակիցներու տարած փայլուն յաղթանակները այն աստիճան գահավիժեցին դէպքերը, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը հարկ դատեց, առանց սպասելու համագումարի կայանալուն, իր կազմին վրայ աւելցնել մի քանի անդամներ, ընտրուած ոչ շատ հեռատր գաղութներէն. որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ անակնկալ կերպով զինադադար մը կնքուի, եւ հաշտութեան բանակցութիւնները Համագումարի ժոդովուելէն առաջ սկսին:

Այսուհանդերձ, Պատուիրակութիւնը անպատրաստ չի գտնուելու համար է միայն, որ այս միջոցին դիմեց, առանց հրաժարելու համագումարը հրաւիրելու իր հիմնական ծրագրէն, նոյնիսկ եթէ այն տեղի ունենայ հաշտութեան կնքումէն վերջը, որովհետեւ այդ պարագային մէջ անգամ ապագայ Հայաստանի կազմակերպութեան եւ վերաշինութեան մասին մեծ դեր կարող է կատարել եւ վճիռներ կայացնել:

Պարզ է, որ գաղութներու կողմէ ընտրուած եւ Պատուիրակութեան մաս կազմելու կոչուած սոյն անդամները պիտի կրնան անոնց կողմէն պատգամաւոր ընտրուիլ ապագայ Համագումարին մէջ:

Այս հիման վրայ է, որ‘Պատուիրակութիւնը ձեզ կ՚ուղղէ ներփակ հրաւիրագիրը եւ կը խնդրէ, որ անյապաղ ձեռնարկէք ապագայ համագումարի պատուիրակներու ընտրութեան:

Այս նամակին կցուած Կանոնագիրը միայն իբրեւ հրահանգ պիտի ծառայէ համագումարի ժողովումիս համար. Համագումարն ինքնին ըլլալով ազգի կամքին արտայայտութիւնը, լիազօր իրաւունք պիտի ունենայ խորհրդակցելու եւ մշակելու ազգային պահանջներու ծրագիրը, համաձայն օրուան պայմաններում: Համագումարը նաեւ պիտի ընտրէ 7 անդամներէ բաղկացած Գործադիր ժողով մը, որ պաշտօն պիտի ունենայ այդ ծրագրին իրագործումը հետապնդելու:

Պատուիրակութիւնս դիտմամբ զգուշացած է Համագումարի անդամներուն ընտրութեան եղանակը ճշդելէ կատարեալ ագատութիւն տալու համար իւրաքանչիւր երկրի ազգային իշխանութիւններուն, հաստատութիւններուն, Ազգային Միութիւններուն եւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն, որ իրար հետ համաձայնելով կարենան կարելի եղածին չափ հաւատարիմ եւ կատարեալ ազգային ներկայացուցչութիւն մը իրականացնել:

Հեռաւորութիւնները եւ ճամբորդութեան դժուարութիւնները նկատի ունենալով Համագումարի բացման թուականը որոշուած է 1919 Փետրուարի մէկը: Բայց այն պարագային, երբ գահավիժող քաղաքական հանգամանքները Համագումարին աւելի կանուխ բացումը հարկադրեն պատշաճը ձեզ հեռագրով կը հաղորդուի:

Ազգային Պատուիրակութիւնս համոզուած է, որ դուք եւս այս Համագումարին անհրաժեշտութեան մասին համաձայն էք իր հետ, եւ թէ ձեր ամբողջ աջակցութիւնը պիտի բերէք որպէսզի ձեր համայնքը ներկայացնող պատուիրակներու ընտրութիւնը փութով եւ օրինաւորաւորապէս գլուխ գայ:

Ընդունեցէ՛ք, սիրելի՝ հայրենակիցներ, իմ անձնուէր զգացումներուս հաւաստիքը:

Նախագահ
Հայ Ազգային Պատուիրակութեան
Պօղոս Նուպար