Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/344

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

ՀՐԱՒԷՐ

Համաշխարհային պատերազմը արմատապէս փոփոխած ըլլալով այն քաղաքական պայմանները, որոնցմէ կախուած են հայ ազգի կենսական շահերը թէ Կովկասի եւ թէ Թրքահայաստանի մէջ, Հայ Ազգ. Պատուիրակութիւնը անհրաժեշտ կը նևատէ. որ նեոկաւացուցյական մարմին մը, ընրուած բոլոր երկիրներու հաւյերուն կողմէն, որոնք մի եւ նոյն ազգութիւնը կը կազմեն, գոյութեան կոչուի:

Ա. Մշակելու համար հայ ազգի պահանջներու ծրագիրը, դէպքերու ստեղծած նոր կացութեան համաձայն, եւ

Բ. Ընտրելու համար Գործադիր ժողով մը, որ պաշտօն պիտի ունենայ հետապնդելու այդ ծրագրին իրականացումը:

Այդ նպատակով, Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնր նախաձեռնութիւնը կը ստանձնէ հրաւիրելու Ազգային Համագումար մը:

Որպէսզի այդ Համագումարը խորհրդակցելու եւ ազգին անունով վճիռներ կայացնելու իրաւասու համարուի, պէտք է կազմուած ըլլայ բոլոր երկիրներու հայոց, այսինքն Թրքահայաստանի, Կովկասի եւ կարեւորագոյն գաղութներու ներկայացուցիչներէն:

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԿԱԶՄԸ. - Համագումարը կազմուած պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 35 անդամներէ, որոնք հետեւեալ երկիրներու հայերէն ել հետեւեալ համեմատութեամբ պիտի ընտրոփն.

Թրքահայերէն - 8
Կովկասահայերէն եւ ռուսահայերէն - 8
Ամերիկայի հայերէն - 4
Եգիպտոսի, Կիպրոսի եւ Եթովպիոյ հայերէն - 2
Պարսկաստանի հայերէն - 2
Պալքանեան երկիրներու հայերէն - 1
Յունաստանի հայերէն -1
Ֆրանսայի հայերէն - 2
Անգլիայի հայերէն - 2
Իտալիայի հայերէն - 1
Զուիցերիայի հայերէն -1
Հնդկաստանի եւ ճավայի հայերէն - 1

ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՂԱՆԱԿ - Ազգային Համագումարի անդամները պիտի ընտրոփն իւրաքանչիւրը իր երկրին մէջ սովորական դարձած ընտրական օրէնքներուն համաձայն:

ԹՐՔԱՀԱՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ - Պատերազմի պատճառով ստեղծուած պայմաններուն հետեւանքով Թրքահայաստանը ներկայացնող ութը անդամներուն հինգը պիտի ընտրուին թրքահայ փախստականներով կողմէն 2-ը Կովկասի, 1-ը Պարսկաստանի, 1-ը Միջագետքի եւ 1-ը Պաղեստինի ու Եգիպտոսի մէջ գտնուող փախստականներու կողմէն. իսկ մնացեալ երեքը Ազգային Համագումարը ինքը պիտի անուանէ ի պաշտօնէ, արտասահման գտնուող թրքահայերէն ընտրելով զանոնք:

ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎ - ժամանակ տալու համար հեոատր շրջաններու պատգամաւորներուն, որ կարենան մինչեւ Ազգային Համագումարի բացումը Փարիզ հասնիլ Համագումարը 1919 Փետրուարի մէկին իր առաջին նիստը պիտի կայացնէ: