Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/345

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Եթէ մինչեւ այդ թուականը հայութեան ներկայացուցիչներուն մէկ մասը տակափն ընտրուած եւ կամ Փարիզ ժամանած չըլլան Ազգային Համագումարը օրինատրապէս նիստ պիտի կրնայ կայացնել, պայմանով միայն, որ ներկայ գտնուին առնուազն 20 անդամներ, որոնցմէ առնուազն չորսը Թրքահայաստանի ներկայացուցիչներէն, եւ չորսը Կովկասի ներկայացուցիչներէն:

Միւս յապաղած անդամները պիտի կրնան գալ մասնակցիլ ժողՈվներուն, անմիջապէս որ հանգամանքները թոյլատրեն: Ազգային Համագումարը առ առաւելն մէկ ամսուայ ընթացքին պիտի մշակէ ազգային պահանջներու ծրագիր մը եւ ձայներու մեծամասնութեամբ պիտի ընտրէ 7 անդամներէ բաղկացած Գործադիր ժողով մը: Այդ աշխատանքը լրացնելէ յետոյ պիտի ցրոփ եւ կրկին պիտի գումարուի ինչպէս ստորեւ նախատեսուած է:

Գործադիր ժողովի անդամներուն առնուազն չորսը պիտի առնուին Համագումարին մասնակցող պատգամաւորներուն մէջէն, իսկ մնացեալ Երեքը, եթէ Համագումարը յարմար նկատէ, պիտի կրնայ ընտրել դուրսէն ձեռնհաս ազգայիններէ:

Գործադիր ժողովը հայ ազգի ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ պետութեանց մօտ, պիտի հետապնդէ հայկական պահանջներու իրականացումը, եւ Խաղաղութեան Քոնկրէսի բացման պահուն, վիկին ի նիստ պիտի հրաւիրէ Ազգային Համագումարը, որպէսզի այս վերջինը վերաքննէ իր ծրագիրը, պատշաճեցնէ զայն վայրկեանի պահանջներում, եւ տայ Գործադիր ժողովին բոլոր այն ցուցմունքները, որոնք անհրաժեշտ կրնան դարձած ըլլալ դէպքերու ստեղծած նոր հանգամանքներում բերումով:

Գործադիր ժողովը իր կեդրոնը պիտի ունենայ Փարիզի մէջ եւ պիտի կրնայ իր ներկայացուցիչները նշանակել Լոնտոնի, Հռոմի, Ուաշինկթոնի մէջ, եւ ամէն տեղ, ուր անոնց պէտքը զգալի նկատէ: Այդ ներկայացուցիչները կրնան ընտրուիլ թէ Համագումարին մասնակցող անդամներէն եւ թէ դուրսէն:

Համագումարին անդամներուն տեղափոխութեան եւ այլ ծախքերը պէտք է զիրենք ընտրող գաղութներուն կողմէ հոգացուին:

Գործադիր ժողովի անդամներուն, ինչպէս նաեւ դիւանատան ծախքերը պիտի հոգացուին ամբողջ ազգին կողմէ համաձայն Համագումարի կողմէն կատարուելիք համեմատական բաշխումիս:

Ազգային Համագումարին, ինչպէս նաեւ Գործադիր ժողովին պաշտօնը լրացած պիտի նկատուի խաղաղութեան կնքումէն յետոյ:

Եթէ, ինչպէս կը յուսանք, այս Ազգային Համագումարը հակառակ պատերազմին ստեղծած դժուարութիւններուն կարենայ գումարուիլ վերոյիշեալ պայմաններում համաձայն, եւ հետեւաբար, օրինաւորապէս իրաւասութիւն ունենայ ազգը ներկայացնելու եւ անոր անունով որոշումներ կայացնելու, այդ պարագային Հայ Ազգ. Պատուիրակութիւնս, վստահ ըլլալով, որ իր կատարած գործը չպիտի ընդմիջուի իր հրաժարականը պիտի փոխանցէ Գործադիր ժողովին:

Հայ Ազգային Պատուիրակութիւն

Ընթերցումէն վերջ խօսք առաւ

Տիար Հանըմեան. Կ՚ընդունիմ Տիար Նախագահին կողմէ առաջարկուած Յանձնաժողովներուն կազմութիւնը, պայմանաւ, որ անոնք իրենց վերաբերող խնդիրներու համար սկզբունքներ, հիմեր միայն դնեն եւ ժողովին կողմէ ընդունուելէ վերջ, գործը թողուի ընտրուելիք Պատուիրակութեան, որ անոնց համար աշխատի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան հետ ձեռք-ձեռքի:

Տիար Նեւրուզ- Առաջարկուած յանձնաժողովներէն ոմանք Պատուիրակութեան հետ. ուրիշներ Համագումարի կողքին կրնան աշխատիլ. պէտք է բաժնել: Իսկ ատկէ օաաջ պէտք է ճշդել Համագումարին աշխատութիւններուն բնոյթը, որ բուն գործն է եւ որ տակաւին որոշ չէ, թէ ի՜նչ է: