Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/346

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Շանթ. Գործն է հայկական միացեալ երկրին համար կառավարութիւն ստեղծել, որմէ վերջ միայն կրնայ հասկցուիլ, թէ ի՞նչ յանձնաժողովներ պէտք են:

Տիար Թէրզիպաշեան. Կառաջարկեմ նախ կարդալ Պատոփրակութեան կողմէ Խաղաղութեան Վեհաժողովին տրուած յիշատակագիրը, որ պաշտօնապէս դեռ բերուած չէ այս ժողովին: Այնուհետեւ, խնդիրները կը ճշդուին եւ կը հասկցուի թէ ինչպիսի՞ յանձնաժողովներ հարկատր են մեզի:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Ըստ իս ամէն բանէ առաջ պէտք է ճշդել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այս ժողովին իրաւասութիւնը ընտրուելիք Պատոփրակութեան վրայ: ժողովին տետղութիւնը ատկէ կախում ունի:

Տիար Բարսեղեան. Մենք կրնանք այստեղ ամէն կարգի յանձնաժողովներ կազմել Եւ որոշումներ տալ. բայց պէտք է գիտնանք, թէ որու պիտի յանձնուի այդ որոշմանց գործադրութիւնը:

Տիար Սայեան. Մեր առաջին գործն է որոշել, թէ ի՞նչ աչքով պիտի նայինք Կովկասի մէջ կազմուած Հայ անկախ Հանրապետութեան եւ Հայաստանը ազատելու «տեխնիքական» գործին: Մենք թրքահայ բարլամենթ պիտի ստեղծենք այստե՞ղ, թէ՞ ոչ այնտեղ, Երեւանի մէջ ստեղծուած օրինական բարլամենթին ոյժ պիտի տանք, ղրկելու համար Ամբողջական Հայաստանը:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յիշեցուց, թէ Յիշատակագիրը տպագրուած ու բաժնուած ըլլալով, պարունակութիւնը ծանօթ է ժողովի ամէն անդամներուն. եւ արդէն Պատուիրակութեան կողմէ Խաղաղութեան Վեհաժողովին տրուած ըլլալով աւելորդ կը դառնայ անոր անդրադառնալ, պէտք է ջանալ ամբողջացնելու անոր թերի մնացած մասերը, զոր օրինակ վնասուց հատուցման վերաբերող խնդիրը, զոր պէտք է ժողովին անմիջական զբաղման առարկայ դարձնել:

Տիար Տամատեան. Լաւ կըլլայ, որ Դիւանը կանխաւ պատրաստէ եւ ժողովին հաղորդէ յաջորդ նիստին օրակարգը, որպէսզի ամէն անգամ ժամանակ ունենայ անոր վրայ մտածելու:

Տիար Օհանջանեան. Կառաջարկեմ քուէի դնել հետեւեալ բանաձեւը.

ժողովը որոշում է յանձնարարել Դիւանին կազմել մի օրակարգ եւ այդ օրակարգի մէջ առաջին տեղը դնել այս ժողովի ձեռնհասութեան եւ բրոկրամի խնդիրը:

Հ. Օհանջանեան

Բանաձեւը քուէի դրուելով, ընդունուեցաւ ստուար մեծամասնութեամբ:

Տիար Հինդլեան. Կառաջարկեմ քուէարկել նոյնպէս հետեւեալ բանաձեւը, որ առաջինը կը լրացնէ.

«ժողովը կը զբաղի օրակարգի առաջին հարցով, որ է Ազգ. Համագումարին ձեռնհասութիւնն ու բրոկրամը, Ազգ. Պատոփրակութեան մինչեւ հիմա կատարած աշխատանքին զեկուցումը լսելէ ետք:

Ս. Հինդլեան»

Այս բանաձեւն ալ քուէի դրուելով ընդունուեցաւ մեծամասնութեամբ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 19-23 շրջ.: Ձեռագիր: Բնագիր: