Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/347

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 7-րդ

3 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՔ

1. ԱՌԱՋԱՐԿՈՒ0ԻՒՆ ՏԻԱՐ ՀԻՆԴԼԵԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

ՀԵՏ ԿՆՔՈՒԱԾ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատանկեան ծանոյց, թէ Տիար Հինդլեան գրութիւն մը ուղղած է Դիւանին, որով կառաջարկէ դիմել Դաշնակից կառավարութեանց եւ պահանջել Թուրքիոյ հետ կնքուած զինադադարի պայմաններում փոփոխութիւնը, աւելցնելով նոր պայման մը, որուն համաձայն հայկական հողամասը կարենայ այժմէն զինոտրականապէս գրատւիլ:

Այս գիրին նկատառումը վերապահուեցաւ յառաջիկային:


2. ՇՆՌՐՀԱՒՈՐՈՒ0ԵԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐ

ՍԻՈՆԻՍԹՆԵՐՈՒ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան, յայտնելով, թէ Լոնտոնի մէջ այս պահուն գումարուած է Սիոնիսթներու Համաժողովը, առաջարկեց Համագումարին կողմէ շնորհատրական հեռագիր մը ուղղել:

Այս առաջարկութիւնն ընդունուեցաւ:


3. ՀԱՄԱՐԱՏՈՒՈՒ0ԻՒՆ ԱԶԳ. ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յայտնեց, թէ ժողովոյ երէկուան նիստին որոշման համաձայն խնդրած էր Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահէն, որ հաճի այս օրուան նիստին մէջ, իրաւասութեան եւ ծրագրի խնդրին անցնելէ առաջ, Պատուիրակութեան մինչեւ այժմ ունեցած գործունէութեան վերաբերեալ զեկուցումը ընել: Սակայն Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը պատասխանած է, թէ այսօր իսկ Խաղաղութեան Վեհաժողովէն կանչուած ըլլալով Տիար Ահարոնեանի հետ, անկարող պիտի ըլլայ ժամանակին ժողովին գալ. այս պատճառաւ առաջարկած է, որ ժողովը իրեն ներկայացուած նկատէ Յիշատակագիրը եւ զայն վաւերացնելու համար սկսի նախապէս կարծեաց փոխանակութիւն կատարել անոր մասին: Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը յայտնած է նաեւ, թէ Յիշատակագրին կցուած սուրիացիներու քարտէսը, Յիշատակագրին երկրորդ տպագրութեան մէջ սխալմամբ չի կրեր սուրիացւոց քարտէսը ըլլալը յայտնող արձանագրութիւնը, ինչ որ պէտք է ձեռագրով աւելցնել:

Տիար Տամատեան. Կառաջարկեմ նախ գբաղիլ այս ժողովին իրաւասութեան եւ ծրագրի խնդրով եւ Պատուիրակութեան զեկոյցը թողուլ ասկէ վերջի:

ժողովն անցաւ օրակարգի:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՁԵՌՆՀԱՍՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ.

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան կարդալ տուաւ Պատուիրակութեան 15 Հոկտեմբեր 1918 թուականաւ ըրած շրջաբերական հրաւիրագրին այն մասը, որուն մէջ ամփոփուած է Համագումարին նպատակը: Գալով