Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/348

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Յիշատակագրին, Ն. Վսեմութիւնն ըսաւ, թէ արդէն իսկ Վեհաժողովին եւ տէրութեանց տրուած ըլլալով, պէտք է փութացնել անոր յաւելուածական մասը կազմող վնասուց հատուցման ծրագիրին քննութիւնը:

Ն. Վսեմութիւնը, անդրադառնալով հրաւիրագրին, յարեց, թէ ինչպէս կ՚երեւայ կատարուած ընթերցումէն, կովկասեան հայութիւնն ալ հրաւիրուած էր մասնակցիլ Համագումարին, բայց ատիկա իրականացած չէ դժբախտաբար ծանօթ պատճառներով:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Այստեղ վերջերս կարդացուած եւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան միջոցաւ ստացուած հեռագիր մը կը յայտնէր, թէ Տիարք Ահարոնեան, Պապաջանեան եւ Օհանջանեան այս Համագումարին մասնակցելու համար պաւոոփրակի պաշտօն ունէին. մինչդեռ նոյն պատոփրակներէն Տիարք Ահարոնեան եւ Օհանջանեան կ՛ըսեն, թէ այսպիսի պաշտօն մը չունին, այլ միայն պետութեանց մօտ կը ներկայացնեն Հայ Հանրապետութիւնը: Այս հակասութեան վրայ ժողովիդ ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ:

Տիար Փաստրմաճեան. Յայտնի է, թէ թէեւ Ազգ. Պատուիրակութիւնը անցեալ Հոկտեմբերին փափաքած է ընդհանուր հայութիւնը ներկայացնող ժողով մը գումարել, բայց պարագաներու բերմամբ ատիկա կարելի եղած չէ: Ընդունինք այս իրողութիւնը եւ տեսնենք, թէ ի՞նչ օգտակար գործ կրնանք կատարել ներկայ պայմաններով: Ըստ իս այս ժողովին առաջին եւ գլխաւոր նպատակն է Հայաստանի երկու մեծ մասերում միութիւնը առաջ բերել: Այս երկու մասերէն մէկը արդէն կազմակերպուած ըլլալով այս ժողովին կը մնայ մնացեալ մասին, այսինքն Արեւմտեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը լրացնել եւ փոխադրուիլ անդին:

Տիար Թէքէեան. Նպատակի մասին ամէնքս ալ համաձայն ենք. միայն իրարմէ կը տարբերինք գործադրութեան եղանակին նկատմամբ: Նախ չեմ կարծեր, որ Հայաստանի կովկասեան մասը կարելի է արդէն կազմակերպուած նկատել: Եթէ այդպէս ըլլար մեր գործը չափազանց կը դիւրանար, Հայաստանի մնացեալ մասն ալ աստիճանաբար կը գրաւուէր եւ մենք կատարուած կամ կատարուելիք իրողութիւնը միայն վաւերացնելով կը ցրուէինք: Այստեղ մեր գործն է նախ Հայաստաններու միութիւն հռչակել, եւ ճիշդ այղ պատճառաւ մեծապէս փափաքելի էր, որ Կովկասահայ Պատոփրակութիւնն ալ մասնակցէր Համագումարիս, բան մը, որուն կարեւորութիւնը մեզի պէս ըմբռնած եւ ըստ այնմ որոշած ըլլալ կ՚երեւայ Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ինչպէս կը հասկցուի «Դրօշակ» -ի խմբագրութեան միջոցաւ մեզի հաղորդուած հեռագրէն: Մեր երկրորդ գործն է Փարիզի մէջ այս պահուս Խաղաղութեան Վեհաժողովին գումարումէն օգտուելով ճանչցնել տալ Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը, ինչ որ քաղաքական գործ մըն է, եւ այդ գործին յաջողապէս ի գլուխ հանուելուն վրայ հսկելն է մեր ամէնամեծ պարտքն ու իրաւունքը:

Տիար Չօպանեան. Կատարելապէս համաձայն եմ. անհրաժեշտ է, որ ձեւ մը գտնենք, որով Հայ Հանրապետութեան ներկայացուցիչները կարենան մասնակցիլ թէ՝ այս ժողովին եւ թէ՝ այս ժողովէն բղխելիք միատարր գործադիր մարմնին:

Տիար Սայեան ընդդիմախօսելով վերեւ յայտնուած կարծիքներուն, եզրակացուց, թէ պէտք է ձգտիլ Թրքահայաստանի ազատագրման գրկելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Հայկական Հանրապետութխնը:

Տիար Տամատեան. Ազգ. Պատուիրակութեան հրաւիրագիրը ինքնին կը բաւէ ապացուցելու համար այս ժողովին ունեցած մեծ հեղինակութիւնը: Ոմանք գայն պզտիկցնել կը ջանան: Իմ կարծիքովս ժողովն իր աշխատութիւնը չի կրնար վերջացած նկատել մինչեւ որ իր հաւաքման նպատակը կազմող Ամբողջական Հայաստանի ազատագրման գործը յաջողութեամբ չպսակուի: Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան կարդաց Ազգ. Պատուիրակութեան հրաւիրագրին ուրիշ մէկ պարբերութիւնը, որուն մէջ ըսուած է, թէ Ազգ. Համագումարը