Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/349

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վերստին ի նիստ պիտի կոչուի, երբ Խաղաղութեան Վեհաժողովը գումարոփ եւ Հայաստանի բախտին վերաբերեալ վճռական որոշմանց ժամը հասնի:

Տիար Թերզիպաշեան. Իրականին մէջ այս ժողովը թրքահայերե բաղկացած է, սակայն իր նպատակը համազգային է: ժողովը կրնայ զբաղիլ առ այժմ թրքահայոց համար մասնաւոր եղող, թեպետ ի վերջոյ դարձեալ ընդհանուր հայկական բնոյթ ունեցող խնդիրներով, որպիսիք են թրքահայ փախստականներու ու տարագրելոց ներգաղթի եւ այլ խնդիրները: Անհրաժեշտ է, որ այս ժողովին բոլոր գործերը համածայնութեամբ տարուին. այղ պատճառաւ հարկ է Կովկասահայ Պատուիրակութեան մեր ժողովին մասնակցութիւնը ձայնի իրաւունքով, ինչպես որ նման նկատումներով Արեւմտահայ Խորհուրդը մասնակցեցաւ Ազգ. Խորհուրդին:

Տոքթ. Բարսեղեան. Սխալ է թրքահայոց եւ ռուսահայոց յարաբերութեան խնդիր հանել, որ ինքնին վճռուած է արդեն: ՊԷտք է որոշել, թե ի՜նչ կարգի խնդիրներ կրնան կատարուիլ այստեղ եւ յետոյ երթալ Երկիր, ուր կարեւոր գործեր կան կատարուելիք:

Տիար Օհանջանեան. Հրաւիրագիրը որոշ է: Անոնք որ տարբեր կերպով կը մեկնեն զայն, կը սխալին: Սա բառլման չէ, եւ ոչ իսկ թրքահայոց ներկայացուցչական ժողով, քանի որ պատգամաւորները ընտրուած չեն օրինական ձեւով: Կովկասահայ Հանրապետութեան ներկայացուցիչները չեն կրնար իրենց մասնակցությամբ այս ժողովը համազգային դարձնել:

Տիար Յակոբեան. Կառաջարկեմ, որ ի սէր համերաշխութեան եւ մեր ստեղծել ջանացած Միացեալ, Ամբողջական Հայաստանին, Հայ Հանրապետութեան ներկայացուցիչները պատիւ ընեն մասնակցելու այս ժողովին, որպեսզի այժմեն մեր միութիւնը կատարեալ իրողութիւն մը ըլլայ:

Կարծեաց փոխանակաթիւնը ժողովին նպատակին եւ ձեռնհասութեան խնդրին նկատմամբ շարունակուեցաւ Տիարք Թէքեեանի, Փաստրմաճեանի, Տոքթ. Սայեանի եւ Փափազեանի միջեւ:


ՎՍԵՄ. ՊՕՂՈՍ ՓԱՇԱ ՆՈՒՊԱՐ ԵՒ ՏԻԱՐ

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՄՕՏ

Նիստին վերջերը ժողովասրահ մտան Խաղաղութեան Վեհաժողովեն դարձող Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար եւ Հայ Հանրապետութեան Պասքուիրակուքեան Նախագահ Տիար Ահարոնեան, որոնք մանրամասնօրէն պատմեցին այնտեղ իրենց ընծայուած ունկնդրութիւնը, եւ տեղի ունեցած յայտարարութիւններուն հետ իրենց կրած գեղեցիկ տպաւորութիւնը:

Տիար Տոքթ. Սայեան շնորհաւորեց երկու Պատուիրակութեանց Նախագահները:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18. թթ. 24-26 շրջ.: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 8-րդ

4 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՔ

1. ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՏԻԱՐ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆԻ

Կարդացաեցաւ Տիար Մ. Փորթուգալեանի մեկ նամակը, որով շնորհակալութիւն կը յայտնէր ժողովին զինքը անդամակցութեան հրաւիրելուն համար, բայց կը ծանուցաներ. թե առողջական պատճառով ստիպուած է հրաժարական տալ: