Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/350

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Որոշուեցաւ արձանագրել:


2. ԴԻՄՈՒՄ ՏԻԱՐ ՍԱԱԹՃԵԱՆԻ ՄԱՐՍԻԼԻՈՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ

ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒԱՍՈՒԹԻԻՆ ՏԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ժողովին հաղորդեց նամակ մը, որով Մարսիլիոյ Ազգ. Միութեան ատենապետ Տիար Սաաթճեան, որ Փարիզ կը գտնուի, կը խնդրէր Մարսիլիոյ հայ գաղութին իրաւունք տալ /փոխան հրաժարեալ Տիար Փորթուգալեանի/ ուրիշ պատգամաւոր մը ընտրելու, ընդհանուր քուէարկութեամբ:

Ն. Վսեմութիւնը յայտնեց, թէ Համագումարի անդամներուն ընտրութեանց վաւերացմամբ խնդիրը փակուած ըլլալով, Դիւանն ըստ այնմ հարկ եղած պատասխանը պիտի տայ Տիար Սաաթճեանի:

Տիարք Տոքթ. Նեւրուզ եւ Բարսեղեան առարկութիւն ըրին, բայց Ն. Վսեմութիւնը փակեց խնդիրը:


3. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԽՆԴԻՐ

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Այսօրուան ֆրանսական բոլոր լրագրաց մէջ Հայկական Հարցը ճիշդ եւ նպաստաւոր կերպով չէ ներկայացուած. բոլորն ալ կը ձգտին Կիլիկիան զատել Հայաստանէն. հարկ է խորհիլ կարեւորը:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Այսօր հեռաձայնով խօսակցութիւն մը ունեցայ «Մաթէն»-ի քաղաքական բաժնին խմբագրապէտ Պ. Սաօրվայնի հետ, որ հարցուց, թէ գո՞հ էի իմ շատոնց տուած մեկ «էնթերվիու»ս հրատարակած ըլլալուն համար: Պատասխանեցի, թէ կարգ մը փոփոխութիւններ պիտի ընէի անոր մէջ, եթէ կանխաւ ինծի իմացուցած ըլլար: Բայց անիկա խօսքը դարձնելով ըսաւ. «Մի՛ կարծէք, որ միշտ Ձեզ պիտի պաշտպանեմ»: Իմ հարցումիս վրայ թէ ինչո՞ւ, պատասխանեց. «Որովհետեւ Ալեքսանդրէթն ալ ուզած էք»: Ըսի, որ մենք Քոմիսիոնին ենթարկած ենք մեր պահանջները, որոշումը Վեհաժողովին կը վերաբերի: Որոշեցինք Երկուշաբթի օր միասին ճաշել, այդ առթիւ կը յուսամ, թէ մեր հարցը հարկ եղածին չափ պարզաբանելով պիտի կարողանամ նոր եւ աւելի լաւ յօդուած մը գրել տալ: Ասկէ զատ, ամէն տեղ եւ թերթերու մէջ կը կարծուի, թէ մենք մասնաւոր փափաք մը արտայայտած ենք նախընտրելու Իտալիան իբրեւ «ասիսթան» պետութիւն: Ասիկա բոլորովին սխալ է, եւ ես, ինչպէս նաեւ Տիար Ահարոնեան, այս մասին ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկ ժամանակ փափաք յայտնած ենք:

Տիար Ահարոնեան. «Թան»-ի խմբագիր Պ. Հերպէթն ալ նոյն բանը ըսաւ Իտալիոյ համար:

Տիար Տամատեան. Հարկ կը տեսնեմ յայտարարել, որ Իտալիոյ մէջ մեր կատարած աշխատանքներում ընթացքին այդ կարգի ոեւէ դիմում ըրած չենք, այլ միշտ խնդրած ենք իրենց օգնութխնը Հայաստանի անկախութեան իրականացման համար: Անշուշտ ըսած ենք, որ ապագայ անկախ Հայաստանին մէջ իտալական եւ հայկական շահերը կը համապատասխանեն իրարու, բայց ո՜չ մէկ խօսք իբրեւ առաջարկ Իտալիան պաշտպան պետութիւն ունենալու համար: Հռոմի ֆրանսական դեսպան Պ. Պառեր, երբ իրեն գացած ենք բողոքելու համար նախագահ Պ. Բուանքարէի վերջին ճառին մէջ հայ անուան չյիշատակուելուն դէմ, մեզի իբր մեղադրանք ըսաւ, որ հայերը Իտալիոյ եւ Անգլիոյ ապափնած են: Մենք հերքեցինք այդ կարծիքը եւ ըսինք, որ հայկական անկախութիւնը ձեռք բերելրւ համար բոլոր պետութեանց ալ դիմած ենք, քանի որ Հայկական Խնդիրը միջազգային խնդիր մըն է:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Մենք միշտ protection collective-ի մասին խօսք ըրած ենք: