Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/351

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Կը թուի, թէ Պ. Հերպէթ մեզի հակառակ պիտի գրէ «Թան»-ի մէջ, որովհետեւ անիկա կուզէ Սուրիոյ անբաժան մաս նկատել Կիլիկիան: Ան է, որ ըսած է. թէ Սարիան ոսկորն է. իսկ Կիլիկիան միսը, եւ թէ առանց միսի ոսկորն արժէք չունի: Գալով Իտալիոյ մասին գոյութիւն առած տարաձայնութիւններուն, կը կարծեմ, թէ անոնց նպատակն է Իտալիոյ համար ուրիշ կողմէ գոհացում ձեռք բերել:

Տիար Նեւրուզ. Արդեօք ժամանակը չէ՞ թերթ մը հանելու, որուն մասին նախապէս որոշում անցած էր:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ո՜չ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ հիմա այդպիսի թերթ մը: Շատեր Ալեքսանտրէթը անհրաժեշտ կը նկատեն Սուրիոյ համար: Հոգ չէ, թող առնեն. Հայաստանի համար մեծ կարեւորութիւն մըն ալ չունի: Բայց Կիլիկան թող մեզի տան:

Ն. Վսեմութիւնը ապա պատմեց Արտաքին Գործոց ՏնօրԷն Պ. Կուի հետ իր ունեցած տեսակցութիւնը, որու միջոցին Պ. Կու Տիար Ահարոնեանի Կովկասի Հայկ. Հանրապետութեան կողմէ Խաղաղութեան Վեհաժողովին մասնակցիլ ուզելը այնպէս մը մեկնած էր, որ իբր թէ Ռուսահայաստանն ու Թրքահայաստանը իրարու հակառակ են: ՆոյնպԷս Պ. Կու հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ Պատուիրակութեան Նախագահը միասին չէր տարած Վսեմ. Տիար Գ. Նհրատունկեանը Խաղաղութեան ՎԵհաժողովի նիստին:

Տիար Թէքէեան. Պէտք է հերքում մը եւ ճշդում մը ընել միանգամայն, մեզի կը վերագրեն, թէ կը պահանջենք Հալէպը, Պաթումը, Պաքուն, եւ այլն, ու կ՛ըսեն, թէ Ստանա Սուրիա է:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Տարակոյս չկայ, որ յայտարարութիւն մը պիտի ընենք իմ եւ Տիար Ահարոնեանի ստորագրաթեամբ, որուն մէջ պիտի ճշդենք մեր պահանջները, Իտալիոյ եւ Հայաստանի մասին գոյացած տարածայնութիւնը եւ պիտի հերքենք սխալ լուրերը:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան փակեց այս խնդիրը օրակարգի անցնելու համար:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՁԵՌՆՀԱՍՈՒԹԻՒՆ ԱՁԳ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Տիար Լ. Շանթ. Ի՞նչ է այս ժողովին իրաւասութիւնը, եւ մենք ինչո՞վ պիտի զբաղինք: Առաջին. Մենք մինչեւ հիմա ազգ եղած ենք եւ ո՛չ պետութիւն: Արդ, ազգի մը խօսքը նուազ կարեւորութիւն ունի, քան պետութեան մը խօսքը: Մենք այժմ ունինք պետութիւն մը, Կովկասեան Հայկ. Հանրապետութիւնը, զոր Տիար Չօպանեան իրաւամբ կոչեց ամբողջ հայութեան փոքրիկ հանրապետութիւնը: Մենք մինչեւ հիմա խնդրող եղած ենք. ասկէ յետոյ պահանջող պիտի ըլլանք խօսելով պետութեան անունով, եւ պիտի շահագործենք այդ անունը:

Երկրորդ. Պէտք է իսկոյն համահայկական կառավարութիւն մը ստեղծել եւ ճանչցնել տալ Եւրոպային: Եթէ այս կառւսվարութիւնը ստեղծենք, աւելի ոյժ կունենանք եւ անոր անունով կը պահանջենք ամէն ինչ: Պետութիւնները աւելի կը դժուարանան բան մը ստեղծելու, քան թէ եղած մը քանդելու: Ասկէ յետոյ է, որ միայն կրնանք «ասիսթանս»-ին հակառակ չըլլալ, իսկ այլ պայմանի մէջ չեմ գիտեր, թէ որքա՞ն կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ: Արդ, հիմա պէտք է, որ միացնենք եղածը ու Երեւան բերենք իրապէս մէկ խորհրդարան եւ մէկ կառավարութիւն: Ըստ իս յանցանք է երկու կառավարութիւն ստեղծել: Երկու կառավարութիւնով ոյժերու բաժանում առաջ պիտի գայ: Յետոյ կրնայ վտանգ սպառնալ Կովկասին եւ Կիլիկիան կորսնցնելու պատճառ ըլլալ: Եթէ երկու կառավարութիւն գոյութիւն ունենայ, շուտով կրնայ երեքի, չորսի վերածուիլ ել մեր հակառակորդները ոյժ պիտի տան Կովկասի