Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/352

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կառավարութեան եւ պիտի ոչնչացնեն միաը: Պէտք է ստեղծենք հետեւաբար մէկ կառավարութիւն եւ մէկ խորհրդարան մեր երկրին մէջ: Արդ, ի՜նչ է մեր գործը: Հիմա Կովկասեան Հայաստանը 45 հոգինոց ներկայացուցչական մարմին մը ստեղծած է. գաղթական եւ հաստատուած բնակչութիւնն ալ իբր պէտք է ընտրէ, եւ գրատւած քաղաքի մը մէջ, օրինակի համար էրզրում, հայկական անկախ պետութեան խորհրդարանը կը ստեղծոփ: Այս համագումարն է, որ գլուխ պիտի անցնի այդ գործին, մշակելով այն սկզբունքները, որոնցմով ընտրութիւնները պիտի կատարոփն, եւ շատ արագ: Համագումարին երկրորդ գործն է Պատոփրակութիւն մը ընտրել եւ տալ անոր իր «տիրէքթիւ»-ները, որպէսզի վարէ տէրութեանց հետ քաղաքական յարաբերութիւնները:

Երրորդ. Համագումարին իրաւասութիւնը: Այս ժողովը ես կը նկատեմ թրքահայ փախստականներու եւ գաղութներու ներկայացուցչական ժողով, որուն ընտրութիւնները, իմինէս սկսեալ եւ գրեթէ ամբողջապէս տնավարի եղանակով կատարուած են: Ուրեմն, այս ժողովին հեղինակութիւնը այն ատեն կը մեծնայ, երբ մենք խնդիրները միաձայնութեամբ անցընենք: Այստեղ ձայնի մեծամասնութիւնը կարեւորութիւն չունի եւ իրաւացի չէ: Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք փոխադարձ համաձայնութեամբ. հակառակ պարագային ժողովին ապօրինութիւնը ինքնին Երեւան կելլէ եւ որոշումները կը ղադրին պարտադիր ըլլալէ:

Տիար Փափազեան. Կուզէի հասկնալ, թէ օրինակ Տիար Շանթ ե՞րբ կառաջարկէ ստեղծել այդ կառավարութիւնը:

Տիար Շանթ. Կարելի է երկու-երեք շաբաթուան մէջ պատրաստել:

Տիար Հինդլեան. Տրուած. հարց մը ճշդօրէն քննելու եւ իրական արդիւնքի մը հասցնելու համար պէտք է միշտ տրուած իրողութխններէն մեկնիլ: Իրականութիւնը բռնաբարելը շատ անգամ կրնայ մեր իղձերուն գոհացում տալ, բայց ո՛չ երբեք կեանքի հարցերում ճշգրիտ լուծումը: Երկու-երեք օրէ ի վեր Համագումարիս նոր անուն մը առաջարկեցին տալ,- թրքահայոց, պարսկահայոց եւ գաղութներու ներկայացուցչական ժողով,- մանաւանդ այն յայտարարութենէն ետք, զոր ըրաւ Տիար Ահարոնեան Դիւանի ընտրութեանց միջոցին, պահանջելով, որ այս ժողովը համազգային կամ ազգային անունը չունենայ, քանի որ Կովկաս գտնուոդ երկու միլիոնի չափ հայերը իրենց ներկայացուցիչները չունին անոր մէջ: Շատեր, մասնատրապէս իր գաղափարակից ընկերները, այն ատենէն է, որ սկսան վերլուծումը ընել այս ժողովի կազմին, զայն թրքահայոց, եւ այլն ժողով անուանելով: Վերլուծումը ճիշդ է եւ համաձայն իրականութեան, բայց կայ եւ ուրիշ իրականութիւն մը, զոր չեմ գիտեր ինչո՞ւ գիտակցաբար կ անգիտանաք: ժողով մը իր անունը չառնէր իր կազմէն, այլ գործէն որուն համար հրաւիրուած է: Այս ժողովը համազգային դատ մըն է, որ կը քննէ եւ անոր յաջողութեան ու իրականացման կը ձգտի: Ինչպէս գործը համազգային է, միջոցներն ալ համազգային դատի պաշտպանութեան եւ իրականացման համար անհատական, խմբակցական կամ կուսակցական չեն, այլ որոշապէս եւ ուղղակի համազգային: Համազգային դատ համազգային միջոցներով: Ահա թէ ինչու այս տեսակէտով, եւ միակ հնարաւորը ներկայ պարագաներուն մէջ, այս ժողովը համազգային ըլլալու բնոյթը ունի իրաւամբ: Տրուած „թրքահայոց,, եւ այլն անունը չէ նաեւ անոր համար, որ ժողովը թրքահայերու առանձնայատուկ կամ գաղութներու մասնակի շահերու պաշտպանութեան ժողով չէ: Մինչեւ այն ատեն, երբ թրքահայերը հայկական դատը կը տանէին բարենորոգումներու շրջանին մէջ օսմանցի էին եւ ժողովներն ալ թրքահայերու ժողովներ էին, զանազանելու համար բոլոր միւս ոչ- թրքահպատակ հայերէ: Այս սեղանին շուրջը բոլոր բոլորուածներս անկախ հայեր ենք հայ անկախութեան հռչակման օրէն ի վեր, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մեծ դատին իրականացման համար եկած: Երբ յիսուն տարի առաջ թրքահպատակ հայերու Պոլսոյ ժողովին չխնայեցինք «Ազգային ժողով» անունը, եթէ այս վերջին օրերուն Կովկասի ինքնապաշտպանութեան մարմնին Ազգ. Խորհուրդին որուն կը