Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/353

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նախագահէր Տիար Ահարոնեան, «Ազգային» անունը ամէնայն իրաւամբ դրուեցաւ, առանց որ անոր մասնակցած ըլլային ասդին մնացած մօտ երկու միլիոն հայերը, ինչո՞ւ այս ժողովին կը գլանաք այս անունը: Կովկասեան Հանրապետութիւնը, 64.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ, հեռու է Հայաստանի բոլոր սահմանները պարունակելէ: Բայց Հայաստանի Հանրապետութիւն է, եւ անոր բառլմանը հայ ագգային բարդման: Արդ, այս Համագումարը ազգային դատի համար կոչուած ըլլալով, ուրկէ պիտի բղխի նաեւ նոր Ազգային Պատուիրակութիւնը, ձեռնհասութիւն ունի վեհապետօրէն լուծելու բոլոր հարցերը, որոնք Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծումը կը պայմանաւորեն: Իսկ Պատուիրակութիւնը համարատու է իր բոլոր գործերու մասին, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ եւ անվրէպ գործադրիչը այս ժողովին տուած որոշումներուն: ճիշդ է, այս ժողովը բառլման չէ, որովհետեւ կազմուած պետութեան մը օրէնսդիր ժողովը չէ. բայց այս ժողովը աւելի քան բաթլման է Assemblne Gnnnrale, դրովհետեւ անիկա պիտի ստեղծէ երկիրը, անիկա պիտի վերականգնէ Հայաստանը: Իրաւասու էինք Յիշատակագիրը պատրաստելու եւ ներկայացնելու, ուր ընդգծեցինք մեր բոլոր պահանջները, այժմ աւելի իրաւասու ենք, երբ անկէ պիտի փորձեն բան մը փրցնել: Հրաժարիլ այս մասին մեր ունեցած պատասխնյնատութենէն մեր «մանդա»-յին դէմ դասալքութիւն է: Միացումի համար ամէնքս համաձայն ենք, բայց թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս, հոս է, որ կը գանագանուինք:

Տիար Թեքէեան. Այս ժողովին իրաւասութեանց եւ ծրագրին շփոթութիւնը Պատուիրակութենէն կը բղխի, որովհետեւ ինք հրաւիրած էր զայն, ինք պիտի որոշէր անոր իրաւասութիւնն ու ընելիքը: Հրաւիրագիրը կը խօսի անոր երկրորդ անգամ,- Խաղաղութեան Վեհաժողովի պահուն,- գումարման մասին, որ այսօր է: ճիշդ է, մենք հոս խորհրդարան չենք, բայց եկած ենք հոս իբրեւ ներկայացուցիչ ազգային գանագան մասերու կողմէ, յիշատակագրի մը մէջ մեր բաղձանքները արտայայտելու եւ նոր գործադիր մարմինը ստեղծելու: Ազգին ներկայացուցիչները, բանաձեւելէ ետք ազգին ամբողջ բաղձանքները, պէտք է հսկեն նաեւ անոնց իրագործումին: Մեր ստեղծելիքը կառավարութիւն մը չէ, եւ բանակին ոյժը դժբախտաբար այնքանի հասած չէ, որ մեր թշնամիները զսպէ եւ ի դերեւ հանէ մեր հողամասերուն վրայ մեծ պետութիւններու յաւակնութիւնները: Ուրեմն, մենք պէտք է Պատուիրակութեան կողքին մնանք, մինչեւ որ վերջանայ այստեղ կատարուելիք քաղաքական գործը: Այստեղ ես ալ համաձայն եմ, որ գլխաւոր հարցերը մեծամասնութեամբ եւ համաձայնոլթեամբ անցնին: Վերցնենք կասկածները, ասիկա Հայ Ազգային ժողով ընենք, ինչպէս որ արդէն իրաւամբ է, որովհետեւ ներկայացուցիչ ունինք նոյնիսկ Պարսկաստանէն, որ ոչ մէկ կերպով մաս կը կազմէ մեր դատին:

Տիար Փափազեան. Պիտի նախընտրէի իմ ծրագիրս պարզել յանձնաժողովի մը մէջ, ուր աւելի դիւրին է իրար հասկնալ եւ համաձայնութեան մը գալ:

ժողովը, նկատելով որ վիճաբանութեան առարկան չափազանց կարեւոր հարց մըն է, որոշեց որ պատգամաւորներզ ժողովին մէջ իսկ արտայայտեն իրենց կարծիքները:

Այս որոշման վրայ խօսք առաւ

Տիար Փափազեան. Յայտնի է, որ բոլոր պատգամաւորներն ալ համաձայն են նպատակին մէջ, որ է ունենալ միացեալ կառավարութիւն եւ մէկ խորհրդարան: Խնդիրը կը ներկայանայ որոշելու մէջ, թէ ե՞րբ կրնանք իրականացնել այս փափաքը: Ոմանք առաջարկեցին երկիրը միանգամայն գրաւել եւ հռչակել միացեալ կառավարութիւն: Ես ասիկա վնասակար եւ վտանգաւոր կը գտնեմ, որովհետեւ ասիկա եւրոպական պետութեանց ըսել է, թէ մենք Ձեզի կարեւորութիւն չենք տար եւ մեր ուզածը կ՛ընենք: Այսպիսով եւրոպական պետութիւններէն զատ, մեր դէմը պիտի ունենանք նաեւ բարբարոս ցեղերը: Տիրել եւ հռչակելը պէտք է ժամանակին կատարուեր. այժմ շատ ուշ է: Մենք սկսած ենք խնդրել եւ կը ձգտինք տիրելու: Հակասութիւն է աս: Արդ, ասկէ յետոյ ուզենք-չուզենք պիտի սպասենք Քոնկրէի