Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/354

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

որոշման, որով մեր խնդիրը հաստատ հողի վրայ դրած կ՛ըլլանք: Բայց հիմակուց պէտք է սկսինք Միացեալ Հայաստանի նախապատրաստութիւններ տեսնել: Ինչպէ՞ս կազմել մեր պետութիւնը: Նկատի ունենանք ուրեմն այս կամ այն անծերը այս կամ այն պաշտօնին համար, անոնց բացատրենք եւ տանք մեր «տիրէքթիլ»-ները, որպէսզի երբ գոյութիւն ստանայ Միացեալ Հայաստանը, անոնք անմիջապէս երթան հոն եւ գործի սկսին:

Տիար Տամատեան. Ի պատասխան Տիար Շանթի խօսքերուն ըսեմ, թէ համերաշխութիւնը մեր ամէնուս փափաքն է, եւ ես կը կարծեմ, թէ իրաւունք ունիմ ըսելու, որ մանաւանդ իմ փափաքս է: Բայց պէտք չէ ժողովին հեղինակութիւնը ստորադասել համերաշխութեան: Այս ժողովը կ՚արհամարհուի. ինչ ձեւով ալ եւ ինչպէս ալ ընտրուած ըլլան անոր անդամները, բոլորն ալ հաւասար իրաւունք ունին անգամ մը, որ ընտրուած են:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Այս օրերս իմացայ, թէ քննադատութիւններ եղեր են այն հրաւիրագրի ծրագրի մասին, զոր Ազգ. Պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ, Կովկասի եւ կարեւորագոյն գաղութներու մեր հայրենակիցներուն ուղղած էր, Փարիզի մէջ Ազգային Համագումար մը գումարելու համար: Այս քննադատութիւնները բնաւ արդարացի չեն, քանզի պէտք է նկատի առնել, որ մենք բնաւ չխորհեցանք խորհրդարան մը ընտրել, այլ որոշ նպատակով մը համագումար մը հրաւիրեցինք: Պէտք է նախ յիշել, որ թէպէտ հրաւիրագիրը Հոկտեմբեր ամսուն սկիզբները ղրկուեցաւ, բայց ծրագիրը այդ թուականէն շատ առաջ մշակուած էր, եւ անոր առաքումը այն ատեն յետաձգուած էր մի միայն մեր Անգլիոյ պաշտօնակիցներուն հետ կանխապէս համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար: Հետեւաբար երբ հրաւիրագիրը ցրուեցինք, ոչ ոք կը մտածէր, որ մօտ ժամանակէն զինադադար մը պիտի կնքուէր եւ կամ պատերազմը պիտի տեւէր ամբողջ ձմեռը: Համագումարը հրաւիրեցինք յետագայ նպատակով. 1. Մշակել ազգային պահանջներու ծրագիր մը դէպքերու ստեղծած նոր կացութեան համաձայն: 2. Ընտրել գործադիր ժողով մը, որ պաշտօն պիտի ունենար գործադրութեան դնելու այդ ծրագիրը: Մասնատր պայման դրինք, որ Համագումարը օրինաւորապէս նիստ պիտի կրնար գումարել, պայմանաւ միայն, որ ներկայ գտնուէին առնուազն քսան անդամներ, որոնց գէթ չորսը Թրքահայաստանի ներկայացուցիչներէն եւ չորսը Կովկասի ներկայացուցիչներէն: Վերջին պարբերութեան մէջ ալ աւելցուցած էինք, որ եթէ Համագումարը վերոյիշեալ պայմաններում համաձայն գումարուի եւ հետեւապէս օրինաւորապէս իրաւասութիւն ունենայ ազգը ներկայացնելու եւ անոր անունով որոշումներ կայացնելու, այդ պարագային վստահ ըլլալով, որ Պատուիրակութեան կատարած գործը չպիտի ընդմիջուի, իր հրաժարականը պիտի տայ Պատուիրակութիւնը եւ իր պաշտօնին շարունակութիւնը պիտի փոխանցէ նոր գործադիր ժողովի մը: Ասոնք են պայմանները, որոնց համեմատ մեր համագումարը գումարուեցաւ եւ այս է իր աշխատութեանց ծրագիրը: Կը մնայ ստուգել հիմա, թէ այս պայմանները լրացա՞ծ են: Արդարեւ ոչ ի մասին ներկայ գտնուելիք անդամներում նուազագոյն թիլին, վասնզի Հայկ. Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կովկասի մեր հայրենակիցները յայտնեցին, թէ Ազգ. Համագումարի նիստերուն մասնակցելու համար ոեւէ պաշտօն չունին, այլ եկած են իբր պատոփրակ Խաղաղութեան Վեհաժողովին մօտ: Արդ, մեր համագումարը չի կրնար առանց անոնց ներկայութեան նիստ կայացնել եւ բոլոր ազգին անունով որոշումներ տալ: Բայց միւս կողմէ Հայ Հանրապետութեան Պատուիրակութեան նախագահը, Տիար Ահարոնեան, որոշապէս յայտարարեց, թէ մեզի հետ կատարելապէս համաձայն էր ո՛չ միայն մեր ազգային ձգտումներում, այլ նաեւ մեր պահանջներու ծրագրին մասին, որ խտացած է Խաղաղութեան Վեհաժողովին ներկայացուած Յիշատակագրին մէջ եւ զոր ստորագրած է ինծի հետ: Հետեւաբար, ոեւէ պատճառ չկայ, որ իրարու հետ չհամաձայնինք միասին աշխատելու եւ իրականացնելու մեր ընդհանուր ծրագիրը, որ կը կայանայ ձեռք բերելուն մէջ