Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/355

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայաստանը մէկ եւ անբաժանելի: Ըստ իս, գործնական լուծումի մը յանգելու միակ միջոցը կը կայանայ հրաւիրագրին երկրորդ պարբերութեան մէջ կանխատեսուած գործադիր ժողովը անյապաղ ընտրելուն մէջ, ընդունելով Հայ Հանրապետութեան երեք ներկայացուցիչները եւ ընտրելով մնացեալ չորսը մեր Ազգ. Համագումարի պատգամաւորներէն: Բնական է «քոմբրոմիս» մըն է ասիկա անդամներու նուագագոյն թիլին կանխատեսուած պակասէն առաջ եկած դժուարութիւնները հարթելու համար: Կը խնդրեմ, տիարք, որ ընդունիք գւսյն եւ չմղէք մեզ զայն մերժելով ոչ միայն անմիաբանութեան, այլ նաեւ անկարելիութեան շարունակելու մեր պաշտօնը: Պէտք չեմ տեսներ կրկնելու, թէ որքան փափուկ է վայրկեանը եւ որքան անհրաժեշտ է կատարեալ միութիւնը: Եթէ յիրաւի առաջարկուած «քոմբրոմիս»-ը չընդունուի, պիտի ստիպուիմ, խորին ցաւով, յիշեցնել Ձեզի, որ Համագումարը օրինաւորապէս կազմոււսծ չէ եւ Պատուիրակութիւնը չի կրնար հրաժարիլ իր պաշտօնէն, հրաւիրագրին վերջին պարբերութեան համեմատ, ու պիտի ստիպուի առանձինն շարունակել իր պաշտօնը, ինչ որ ամէնէն առաջ անբաղձալի է ինծի: Մեր Ազգ. Համագումարը, ինչպէս ըսի, պէտք էր նախ եւ առաջ մշակեր մեր պահանջներում ծրագիրը: Ատիկա լմնցած է, քանզի այդ ծրագրին վրայ դուք երկարօրէն վիճաբմէնեցաք եւ Հաշտութեան Վեհաժողովին ներկայացուած Յիշաւժևւկագիրը դուք միաձայնութեամբ շարադրեցիք: Արդ, այս առաջին կէտը լուծուած է, եւ եթէ կուզէք, ինչպէս որ առաջարկեցի Ձեզի ընտրել գործադիր ժողովը, սոյն ընտրութենէն վերջ Համագումարը, ըստ հրաւիրագրի, ցրուի մինչեւ որ գործադիր ժողովը կրկին գումարուելու համար զայն հրաւիրէ: Իրաւ է, որ հրաւիրագրին մէջ մասնաւորուած է, թէ Համագումարին կրկին գումարումը Խաղաղութեան Վեհաժողովին բացման օրը տեղի պիտի ունենայ, վերստին քննելու համար ծրագիրը եւ զայն պատշաճեցնելու վայրկեանին պահանջներում, սակայն քաղաքական դէպքերը այնքան արագութեամբ իրարու յաջորդեցին, որ հաշտութեան բանակցոլթիւնները արդէն սկսած էին, երբ մենք հաւաքուեցանք: Այդ պայմանը ուրեմն լրացած է, քանզի դուք արդէն որոշեցիք յիշատակագիրը եւ զայն պատշաճեցուցիք ներկայ պահանջումներուն: Արդ, Համագումարին կանխատեսուած ցրւումը աւելի եւս անհրաժեշտութիւն մը դարձած է: Այսուհանդերձ, ես կը խորհիմ, որ օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ Գործադիր ժողովը հաշտութեան կնքման օրը կրկին գումարէ Համագումարը, որովհետեւ այն ժամանակ պէտք պիտի ըլլայ ուսումնասիրել աւագ կարեւորոլթիւն ունեցող նոր խնդիրներ, ապագայ հայկական կառավարութեան վերաբերեալ, զոր պիտի ստեղծէ Խաղաղութեան Վեհաժողովը, եւ նոր կարգադրութիւններ ընել ընտրելու համար կանոնաւորապէս կազմոււսծ ազգային ընդհանուր ժողով մը: Եթէ Ձեզմէ շատեր, օգտուելով իրենց Փարիզ գտնուելէն, կը Փափաքին մեզի աջակցիլ, շատ օգտակար պիտի ըլլայ մասնաւոր յանձնախումբեր կազմել ներգաղթի, վերաշինութեան, վնասուց հատուցման, եւ այլն, եւ այլն, որոնց մէջ ձեր գործակցութիւնը թանկագին պիտի ըլլայ: Վերջացնելու համար կրկին կոչ պիտի ընեմ, սիրելի՝ հայրենակիցներս, ձեր ամբողջ հայրենասիրութեան, օգնելու ինծի, որ կարենամ հարթել այն դժուարութիւնը, որուն առջեւ կը գտնուինք անդամներու որոշեալ նուագագոյն թխին չգոյանալուն պատճառաւ, ընդունելով ձեզի առաջարկած կարգադրութիւնս, որ միայն պիտի կրնայ պահել մեր միութիւնը եւ առանց որուն Խաղաղութեան Վեհաժողովին մօտ մեր ընելիք բոլոր ջանքերը ապարդիւն պիտի մնան եւ մեր ղատին յաջողութիւնը մեծապէս պիտի վտանգուի:

Տիար Թէքէեան. Շատ բան պարզեց Նուպար Փաշայի յայտարարութիւնը: ճիշդ է, այս ժողովը պիտի կանչուեր Հայաստանի ճակատագրին որոշուած պահուն, որ հիմա է, մինչդեռ այս յայտարարութենէն ետք մեզի ուրիշ բան չի մնար ընել բայց եթէ դարձեալ նախկին Պւստուիրակութեան պետին ձգել, որ իր ուզած մարդիկը առնէ եւ գործադիր մարմինը կագմէ: