Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/356

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Մասեհեան Խան. Պէտք է մէկ-երկու ամիս բացարձակ լիազօրութիւն տալ գործադիր մարմնին, որ աշխատի, այլապէս բարդութեանց տեղի կա տանք:

Տիար Թէրզիպաշեան բողոքեց Հանրապետութեան պատոփրակներուն դէմ, որոնք քննադատած էին այս ժողովին ընտրական եղանակը, եւ աւելցուց, թէ Կովկասի մէջ կատարուած ընտրութիւնները, որոնք Ազգ. Խորհուրղի համար էին եւ կատարուած առհասարակ միութեանց /առեւտրական/, «քօօբերաթիւ»-ներու, ուսուցչական միութեանց, եւ այլն կողմէ, աւելի օրինական չէին, քան թէ սա: Կանոնաւորագոյն ընտրութիւն կարելի չէր հայկական այժմու իրականութեան մէջ. հետեւաբար Համագումարը պէտք է օրինական նկատել:

Տիար Ահարոնեան. Տիար Թէրզիպաշեան, եթէ կ՚ուզէք այս ժողովը նկատեցէք թրքահայերու ժողով եւ ընտրեցէք երեք անդամ, մեզի հետ գործադիր մարմինը կազմելու համար:

Օրը տարաժամած ըլլալով, որոշուեցաւ յաջորղ նիստին թողուլ վիճաբանութեան շարունակութիւնը:


ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ ՎՍԵՄ. ՊՕՂՈՍ ՓԱՇԱ ՆՈՒՊԱՐԻ

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԽՆԴՐԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Եգիպտոսէն հեռագիր մը ստացանք, որուն համեմատ եգիպտահայերը չաւիազանց վրղովուած են ֆրանսացւոց մեգի հանղէպ բռնած դիրքին համար: Վախ կայ, որ այս խռովութիւնը մինչեւ Կիլիկիա հայկական զօրքերուն մէջ անցնի, ինչ որ վտանգաւոր ղրութիւն մը կրնայ ստեղծել: Ասոր համար կ՚առաջարկեմ Կիլիկիա ղրկել Տիար Տոթք. Նեւրուզը, որ կ՛ընդունի այս պաշտօնը իբրեւ Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ, եւ որուն կարելի է առողջապահական առաքելութիւն մըն ալ վստահիլ իր բժիշկի հանգամանքէն օգտուելով:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզի համաձայնութեամբ, որոշուեցաւ զինքը Եգիպտոս եւ Կիլիկիա ղրկել իբր Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ:


ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ ՎՍԵՄ. ՏԻԱՐ Գ. ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆԻ

ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԵՍԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան կարդաց հրաւիրագիր մը, որով յաջորղ օրը Հայկական Խնղրին համար Մտաւորական Միութեան նախաձեռնած հանղէսին կը հրաւիրուէին Համագումարին անդամները:

Որոշուեցաւ յաջորղ նիստը յետաձգել Շաբաթ օրուան:

Տիար Տէրպէտէրեան առաջարկեց յանձնարարել նոյն հանղէսին բանախօսներուն, մասնաւորաբար Պ. Ալպեր Թոմայի, որ ծանրանան նաեւ այսօրերս ֆրանսական մամուլին մեզի հանղէպ բռնած անիրաւ դիրքին վրայ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 27-33: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 9-րդ

5 մարտի 1919թ.

ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՁԵՌՆՀԱՍՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Տիար Հանըմեան. Մենք հոս չենք եկած մեծ աշխատանք մը կատարելու, այլ եկած ենք արդէն կատարուած աշխատանքի մը պտուղը քաղելու, աշխատանք զոր